1 Նոյեմբերին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Իրան՝ երկրի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հրաւէրով։

Այցելութեան ընթացքին Սաատ-Ապատ պատմամշակութային համալիրէն ներս Հայաստանի վարչապետին պաշտօնապէս դիմաւորեց Իրանի նախագահը։ Երկու երկիրներու ղեկավարներու բանակցութիւններէն վերջ տեղի ունեցաւ բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու միատեղ հանդիպումը: Կը նախաստեսուի Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ գործակցութեան փաստաթուղթերու ստորագրում։