Կիպրոս կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին, ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպած է Կիպրոսի Ազգային Ժողովի նախագահ Աննիթա Տիմիտրիուի հետ։ Հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ Կիպրոսի հայ համայնքի Պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտէսեանն ու ՀՅԴ Կիպրոսի կոմիտէի եւ Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչները։ Հանդիպումի ընթացքին ԳՄ ներկայացուցիչը բարձր գնահատած է Կիպրոսի պետութեան անվերապահ աջակցութիւնը կիպրահայ համայնքին։ Իշխան Սաղաթէլեան ներկայացուցած է Հայաստանի ներքաղաքական վիճակը, հայկական երկու պետութիւններու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ խօսած է թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի սադրանքներուն մասին։ Կարեւոր համարուած է Կիպրոս-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութիւնը, արցախահայութեան անվտանգութեան երաշխաւորութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այս առնչութեամբ միտքեր փոխանակուած են հայ-թրքական, հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու ու տարածաշրջանային զարգացումներուն մասին։ Իր կարգին Կիպրոսի Ազգային Ժողովի Նախագահը կարեւոր համարած է Կիպրոս-Հայաստան յարաբերութիւներու առաւել ամրապնդումը՝ հաստատելով, որ Կիպրոսը պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը արտայայտել Հայաստանին եւ Հայ ժողովուրդի դատին՝ հիմնուելով մարդկային արժէքներու սկզբունքներուն եւ յարգելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքները։ Ազգային Ժողովի նախագահը յոյս յայտնած է, որ նոր հանդիպումներու առիթներ պիտի ըլլան։