Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ ստորագրած ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրը: Այս մասին ան յայտնեց ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի ընթացքին իր արտասանած խօսքի ընթացքին:

«Հայաստանը կ՛առաջարկէ նաեւ ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին որոշումով արագացնել ատրպէյճանական կողմին հետ անհրաժեշտ քաղաքական եւ դիւանագիտական աշխատանքը` ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու իրենց 11 Մայիս 2021-ի դրութեամբ սկզբնական դիրքեր անյապաղ եւ անվերապահ դուրսբերման:

«Նման դիրքորոշումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու, այլ նաեւ Ատրպէյճանը մեր երկրին դէմ հետագայ յարձակողական գործողութիւնները զսպելու համար: Այն, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան վրայ Ատրպէյճանի նոր յարձակումի վտանգը կը պահպանուի, 28 Հոկտեմբերին ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստի ընթացքին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Վասիլիի Զասը: Այս պայմաններուն մէջ կացութեան քաղաքական յստակ գնահատականի բացակայութիւնը եւ վերը նշուած որոշումը չկայացնելը կրնայ նշանակել ո՛չ միայն ՀԱՊԿ-ի կողմէ դաշնակցային պարտաւորութիւններէ հրաժարում, այլ նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ մեկնաբանուիլ իբրեւ ՀԱՊԿ-ի կողմէ կանաչ լոյս Հայաստանի վրայ հետագայ յարձակումի համար:

«Իսկ ատիկա կը հակասէ ՀԱՊԿ-ի հիմնարար փաստաթուղթերու ո՛չ միայն տառին, այլ նաեւ ոգիին ու իմաստին: Ուստի, ասկէ մեկնելով, յարգելի՛ գործընկերներ, այս պահուս կը կարծեմ, որ ստորագրման ներկայացուած «ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի հռչակագիրի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օժանդակութիւն ցուցաբերելու միացեալ քայլերու մասին» նախագիծը բաւականաչափ վերջնական տեսքի չէ բերուած, եւ այս տեսքով, ամենայն յարգանքով, ես պատրաստ չեմ ստորագրել այս փաստաթուղթերը», ըսած է Փաշինեան: