Շաբաթ, 10 Դեկտեմբեր 2022-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի նորընտիր Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Բերիոյ Հայոց Թեմի պատգամաւորներուն հետ Լիբանանի մէջ գումարուած Ազգ. Ընդհանուր Ժողովէն վերադարձին,
թեմի Գործադիր Իշխանութեան` Ազգ. Կրօնական Ժողովին եւ Ազգ. Վարչութեան կողմէ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ:
Եկեղեցւոյ թաղամասը յարդարուած էր բարի գալստեան պաստառներով։
Դպրաց դասը եւ ազգայինները ընդունեցին Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մուտքին։ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա քրիստոնեայ համայնքապետերը բարի գալուստ մաղթեցին Սրբազան Հօր եւ միասնաբար ուղղուեցան դէպի եկեղեցի։ Տեղի ունեցաւ աղ ու հացի աւանդական օրհնութիւն, Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամուհիներուն տարազաւոր ներկայութեամբ, ապա ոչխարի զենում։ «Ուրախ Լեր» եւ «Հրաշափառ» շարականներու երգեցողութեամբ եւ եկեղեցւոյ զանգերուն ղօղանջներով Սրբազան Հայրը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր ՀՄԸՄ-ական տարազաւոր սկաուտները կանգնած էին դիմաւորելու Սրբազան Հայրը։ Պաշտօնական ընդունելութեան ներկայ էին ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոսը, ՀՀ Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբի Գնդապետը, պետական երեսփոխանը, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան, Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամները, շրջաններու ազգ. երեսփոխաններ եւ ազգայիններ, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդը եւ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչներ, Հայ Աւետարանական համանքապետի եւ համայնքի ներկայացուցիչներ, քրիստոնեայ համայնքապետերը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, որոնք եկած էին ջերմեռանդութեամբ դիմաւորելու նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Եկեղեցւոյ մէջ, Կանոնական աղօթքէն ետք, Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան արաբերէնով բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ապա ընթերցեց Առաջնորդին կենսագրութիւնը:

Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեան հայերէնով ներկայացուց նորընտիր Առաջնորդը ժողովուրդին, յայտնելով, որ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով Սրբազան Հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմ ժամանեց նախ որպէս Հայրապետական Նուիրակ, ապա Ազգ. Երեսփոխանական 172-րդ Ժողովի որոշումով ընտրուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ:

Այս առիթով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը իր անդրանիկ պատգամը ուղղեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Գերաշնորհ Տէր Մակար արարողութեան ընթացքին արտասանուած աղօթքին բառերը մէջբերելով, Աստուծոյ ողորմութիւնը խնդրեց եւ աղօթեց մանաւանդ Սուրիոյ համար, որ ներկայիս դժուարութիւններ եւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ, քաջ գիտնալով, որ Աստուած պիտի տայ ցուցանիշը իր բարութեան, ճիղդ այնպէս ինչպէս տուաւ Դաւիթ Մարգարէին եւ մեր Փրկիչին՝ Քրիստոսի ճամբով: «Միայն Աստուծոյ օգնութեամբ, առաջնորդութեամբ, Անոր տուած կարողութեամբ եւ միասնական ուժերով մենք կրնանք մեր կեանքի նաւը յառաջ տանիլ դէպի խաղաղ նաւահանգիստ: Ալիքները, փոթորիկները միշտ պիտի բարձրանան եւ պիտի հարուածեն մեր կեանքի նաւուն, բայց եթէ մենք մեր սրտին, հոգիին եւ կեանքին մէջ ունինք բարի նաւապետը եւ մեր աչքին առջեւ ունինք օրինակը բարի հովուապետին՝ Քրիստոսին, մեր պատմութեան Սրբազան Հայրերուն եւ ազնուական մարդոց՝ անոնցմով լեցուած, գօտեպնդուած, զօրացած եւ քաջալերուած՝ ուրախութեամբ, եւ ճակատնիս բարձր, դժուարութեան դիմաց վստահաբար պիտի առաջնորդուինք եւ յաղթանակենք», հաստատեց Սրբազան Հայրը:

Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին փոխանցեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հայրական սէրը, ողջոյններն ու օրհնութիւնները:
Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Կոչուած ենք այսօր բոլորս մեր ծառայութեան լուման բերելու, չյուսահատելու, չընկճուելու, այլ ընդհակառակը հաւատքով եւ յոյսով մեր կեանքը եւ պայքարը շարունակելու: Այսօր այս պարտականութիւնը զիս կը խոնարհեցնէ եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան կը բերէ: Որպէս Առաջնորդ պատմական Բերիոյ Հայոց Թեմին, ես իմ ուխտս կը վերանորոգեմ որպէս եկեղեցական, որպէս հոգեւորական, որպէս Առաջնորդ եւ այստեղ կը յայտնեմ թէ պատրաստակամ եմ ի գին ամէն ինչի, որքան որ կարողութիւնս կը ներէ, որքան որ ծառայական հոգիս զիս կ’առաջնորդէ, հաւատարիմ մնալ Թեմի կանոնագրութեան եւ որպէս մշակ ձեռք-ձեռքի տուած ազգային իշխանութեան, պատասխանատու մարմիններուն, կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, յանձնախումբերուն եւ մանաւանդ եկեղեցական միւս Առաջնորդներուն հետ կողք-կողքի մեր պարտականութիւնները կատարելու»:

Սրբազան Հայրը որդիական սիրով երախտագիտական խօսք ուղղեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ապա թեմի Ազգ. Երեսփոխանական ժողովին, Ազգ. Վարչութեան եւ Ազգ. Կրօնական Ժողովի անդամներուն, պատասխանատուներուն եւ ժողովուրդի զաւակներուն, այն վստահութեան համար, որոնք ունեցան Սրբազան Հօր նկատմամբ:
Սրբազան Հայրը օտար լեզուով խօսք ուղղեց ներկայ քրիստոնեայ համայնքապետերուն, մաղթելով որ ձեռք-ձեռքի տալով ծառայեն ի փառս Աստուծոյ եւ ի պանծացումն Քրիստոնէական եկեղեցիներուն։

Արարողութիւնը աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով, «Տէրունական Աղօթք»-ի եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:
Ապա տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։