«Արմէնփրէս»._ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը Հայաստանի դիմումին հիման վրայ 20 Դեկտեմբերին նիստ պիտի գումարէ, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Լաչինի միջանցքին իրավիճակը:

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստի օրակարգին մէջ ներառուած է քննարկումը՝ ՄԱԿ-ի Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչին՝ Անվտանգութեան Խորհուրդի նախագահին ուղղուած նամակին հիման վրայ:

Այս մասին յայտնած է նաեւ ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վահան Եունանեան։ «Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին հիման վրայ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ պիտի քննարկուի Լաչինի միջանցքին իրավիճակը», գրած է Եունանեան։

Ատրպէյճան 12 Դեկտեմբերէն մինչ այս պահը փակ կը պահէ Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ մայրուղին՝ Լաչինի միջանցքը: