Ճամբաները ո՞ւր կը տանին մեզ, դէպի ո՞ւր…
Կը ճամբորդենք. մութ են ճամբաները:
Անյայտը միշտ ներկայ է եւ բանտարկուած է տուփի մը մէջ: Չաստուածներ հոն կ’ապրին, այն երկիրներուն մէջ, եւ մարդիկ կը ճամբորդեն դէպի հոն, գտնելու համար լոյսն ու խաւարը… խաւարն ու լոյսը:
Փախուստ՝ երկրէն… հարթակը այն լերան ետեւ տարածուած է:
Լերան ճակատին կը փայլի լոյսը, իսկ ետեւի մասը խաւար է: Խաւարն է, որ անդադար կը դառնայ լոյսին շուրջ, որպէսզի ծածկուի անով:
21-րդ դարուն բացուած է տուփը… Փանտորրային Տուփը: Հոն է խաւարը, չարը եւ  դաժանը, որոնք անվերջ կը սպառնան մարդկութեան:
Նաւ մը նստած կը ճամբորդենք. ճամբորդութիւն մը՝ որ փախուստ է երկրէն:
Չարն ալ ունի իր աստղափոշին՝ որ գողցած է այն աստղէն՝ թափառաշրջիկ ու անտէր: Ան կը ցանէ երկիրներուն վրայ, որպէսզի մարդը՝ մարդուն, եղբայրը՝ եղբօր ըլլան թշնամի: Աչք փորեն, գլուխ պատռեն, կախաղան հանեն, փճացնեն: Արարածներ կը պատերազմին՝ հողի՞, ճամբո՞ւ, թէ տունի համար: Ուրկէ՞ կը բխի խառնակութեան ակը: Ո՞ր ուժերը կամ ուժը շարժման անցած են, եթէ ոչ բացուած է տուփը չարութեան: Ի՞նչ է սա սպառնալիքը, որ ամէն պահ գոյ է մարդուն համար:
Մենք՝ աշխարհի ներկաներս, վկայ ենք, այս ակը կը բխի արեւելքէն: Սկզբնակէտն է հոն եւ կը տարածուի դէպի արեւմուտք: Արեւը հոն մար կը մտնէ ու խաւարը կը տիրէ. խորթ են այն հողերը, եթէ կը լափեն ինքնութիւնը: Լոյսը դարձեալ պիտի ծագի ու խաւարը ծածկուի:
Պատմութեան ո՞ր էջին մէջ տեղ կը գրաւեն մարդիկ կամ աշխարհ եւ քանի՞ անգամ կը կրկնուին դէպքեր, որոնց նմանները ապրուած էին դարեր առաջ: Բարբարոս ազգեր միջոցի մը համար պահուըտած էին, նոյնիսկ բանտարկուած՝ Փանտորրային Տուփին մէջ, բայց պատմութիւնը իր սրտնեղած անկիւնէն դուրս  ելած 21-րդ դարուն կը խաղայ խաղեր: Ճամբայ ելած են ազգեր հասնելու համար նոր հորիզոններ. արդեօք ո՞ր կողմէն պիտի ծագի արեւը անոնց համար, եթէ ոչ այն լերան ետեւէն: Անյայտը կը կանչէ զանոնք նոր անյայտութիւններու ծնունդ տալու համար: Ամէն ինչ պիտի սկսի ծայրէն ու պատմութիւնը պիտի վերսկսի արձանագրել պատահարները, այս անգամ օդին մէջ՝ առկախ:
«Քաղաքակրթութիւն» կը կոչուի արարածը. լոյս է լերան ետեւը: Նոր քաղաքներ կը բարձրանան, նոր ուղեղներ շարժման կ’անցնին: Սակայն ի վերջոյ ամէն բան կը դատապարտուի մոռացութեան: Մինչեւ որ փակուի կափարիչը Տուփին եւ մնայ քաղաքակրթութիւնը մոխիրին տակ, չարը պիտի գործէ իր աւերը ու ճամբորդները պիտի ցրուին ասդին-անդին: Ահա հո՛ն է երկիրը, ուր կը բարձրանան գմբէթներ եւ կը լսուի այն ձայնը, որ է «Հայր Մեր…»-ը:
Աղբիւր՝ «Գանձասար Բացառիկ-2023»
Լեռնա Գարագիւթիւք