Չորեքշաբթի, 11 Յունուար 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի հիւրընկալութեամբ, հայ երեք համայնքապետեր՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում ունեցան:

Եղբայրական եւ սիրոյ ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, համայնքապետերը քննարկեցին ընդհանրապէս եկեղեցական կեանքը եւ մեր գաղութը յուզող հարցեր, մասնաւորապէս «Հայ Ծերանոց»-ին եւ «Արեւիկ» կեդրոնին վերաբերող խնդիրներ։

Համայնքապետերը անդրադարձան նաեւ աղօթքի շաբթուան այս տարուան եկեղեցական արարողութեան, որ ի մօտոյ կը ծանուցուի մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկայի ազգային-եկեղեցական տօներուն կապուած համատեղ ծրագրաւորումներուն եւ աշխատանքներուն մասին։