ԱՄՆ Քոնկրէսի հայկական խումբի համանախագահներ Ֆրենք Փալոն, Կուս Պիլիրաքիս, Ատամ Շիֆ, Դաւիթ Վալատաօն եւ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի աւագ անդամ Պրետ Շերման շրջանառութեան մէջ դրած են երկկուսակցական բանաձեւի նախագիծ՝ նպատակ ունենալով վերջ տալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։

Բացի Ատրպէյճանի գործողութիւնները խստօրէն դատապարտելէն, բանաձեւին նախագիծը նաեւ կը նախանշէ որոշակի գործողութիւններու շրջանակ, որ Միացեալ Նահանգներ կրնայ ձեռնարկել՝ ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու համար։ Յատկապէս կ’առաջարկուի․

1. Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւններու միջազգային քննութեան օժանդակութիւն։
2. Միջազգային գործընկերներու եւ Արցախի իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւն՝ Լաչինի միջանցքին մէջ միջազգային դիտորդներու տեղակայման համար։
3. Նախագահի կողմէն 907-րդ բանաձեւի պահանջներու անյապաղ կատարման ապահովում եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ամերիկեան զինուորական ու անվտանգային աջակցութեան դադրեցում։
4. Նախագահի կողմէն Արցախի շրջափակման եւ մարդու իրաւունքներու այլ խախտումներու համար պատասխանատու ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ օրէնքով սահմանուած պատժամիջոցներու կիրառում։
5. Արցախի մէջ մարդկային ճգնաժամէն տուժած բնակչութեան համար ամերիկեան մարդկային օժանդակութեան ապահովում, ներառեալ Արցախի USAID-ի (ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւն) գրասենեակի բացում։

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբի
Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան յանձնախումբի եւ անոր դաշնակից համայնքային այլ կազմակերպութիւններու անունով ողջունած է բանաձեւի նախագիծին ներկայացումը եւ նկատած է, որ անոր կատարման շուրջ երկկուսակցական դիրք ապահեվելու ուղղութեամբ Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխոյժ աշխատանքներ իրականանցել, որպէսզի խափանուի Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու ատրպէյճանական քաղաքականութիւնը։

ԱՄՆ քոնկրեսականներուն ուղղուած Ֆրենք Պալոնի նամակով վերջինս օրէնսդիրներուն խրախուսած է հովանաւորել բանաձեւի նախագիծի յառաջխաղացումը՝ աւելցնելով․ «Ալիեւի ռեժիմը կանխամտածուած քայլերու կը ձեռնարկէ բնիկ հայ բնակչութիւնը Արցախէն հեռացնելու եւ անոնց՝ իրենց նախնիներու երկրին մէջ ազատ, արժանապատիւ եւ ժողովրդավարական ապրելու կարելիութենէն զրկելու համար։ Ատիկա ցեղային զտումներու յստակ նշան է, որ մենք չենք կրնար անտեսել»: Փալօն նաեւ պնդած է, որ «Միացեալ Նահանգները պէտք է անյապաղօրէն գործէ եւ օգտագործէ բոլոր հասանելի դիւանագիտական գործիքները՝ միջանցքը վերաբանալու համար, նախքան այս մարդկային ճգնաժամը դառնայ աղէտալի»:

Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը, համայնքային լայն համախմբումով, կը շարունակէ աշխատանքները՝ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի յաղթահարման նպաստելու եւ առհասարակ իր քաղաքական առաջնահերթութիւնները կենսագործելու ուղղութեամբ, որոնցմէ մէկ քանին ներկայացուած են յիշեալ բանաձեւի նախագիծին։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի կեդրոնական գրասենեակ
27.01.2023թ.