Հինգշաբթի, 9 Փետրուար 2023-ի առաւօտուն, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը սկաաւ ցանկագրել հայ համայնքի զաւակներուն երկրաշարժէն վնասուած բնակարանները, որպէսզի առաջքը առնուի հետագայ վնասներուն եւ կարճ ժամանակի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ կատարուին։

Նշենք, որ Լաթաքիոյ մէջ երկրաշարժին հետեւանքով փուլ եկան 19 շէնքեր, իսկ 10 շէնքեր փլուզման վտանգի տակ են։