ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տեր Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի եւ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներու միացեալ պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրիոյի Արաբական Հանրապետութեան դեսպանատուն։

Դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանին ՀՅ Դաշնակցութեան համահայկական ընտանիքի անունով Յակոբ Տէր Խաչատուրեան փոխանցած է Սուրիոյ ղեկավարութեան ու ժողովուրդին ուղուած ցաւակցութիւններն ու զօրակցութիւնը։ Ան յոյս յայտնած է, որ տասնամեայ ահաբեկչական պատերազմէն վերքերը բուժող Սուրիան եւ անոր ժողովուրդը պիտի յաղթահարէ նաեւ այս աղէտը եւ պիտի ուղղէ իր մէջքը։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնած է, որ աղէտէն ժամեր անց զօրաշարժի ենթարկուած են ողջ աշխարհի դաշնակցական կառոյցներն ու ուղեկից միութիւնները՝ Սուրիոյ ժողովուրդին եւ Սուրիոյ մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն շտապողական լայն օժանդակութիւն ապահովելու համար։
Տիկին դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնած է ՀՅԴ լայն աջակցութեան եւ ցաւակցութիւններուն համար։ Ան իր երկրին անունով յատուկ գնահատած է անցնող տարիներուն Դաշնակցութեան կողմէ իրականացած մարդասիրական օգնութիւնը եւ աջակցութիւնը։ Դեսպանը կարեւոր համարած է հայ փրկարարներու ներկայութիւնը աղէտի գօտիին մէջ, նշելով, որ միջազգային սահմանափակումներուն պատճառով երկրին մէջ այդ հարցով կար բաւականին մեծ բաց, որ կրնան լրացնել նաեւ հայ փորձառու փրկարարները։ Դեսպանը յատուկ յուզմունքով դիտել տուած է, որ աղէտի առաջին ժամերէն սկսյալ բազում երեւանցիներ շտապած են դեսպանատան մօտ, նոյնիսկ որեւէ կապ չունենալով Սուրիոյ հետ, իրենց վշտակցութիւնը արտայայտած են ու ծաղիկներ զետեղած են դեսպանատան դիմաց։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Դաշնակցութեան կառոյցները տարբեր երկիրներու մէջ ջանքեր կը գործադրեն Սուրիոյ նկատմամբ միջազգային շրջափակման վերացման եւ այդ երկիրը մարդասիրական օգնութեան առաքումի համար։

Հանդիպումի աւարտին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ՀՅԴ_ի անունով գրառում կատարած է սգոյ մատեանին մէջ։ ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-Սուրիա պատգամաւորական բարեկամութեան խումբի անունով սգոյ մատեանին մէջ գրառում կատարած է նաեւ այդ խումբի անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։