Սուրիական աստղագիտական միութեան տնօրէն, սուրիական աստղադիտարանի պատասխանատու դոկտ. Մուհամմէտ ալ-Աասիրի, յայտնեց, որ նախորդ Երկուշաբթի վաղ առաւօտեան ժամերուն Սուրիան ցնցած երկրաշարժին յաջորդած ներուժի պարպումը փրկեց Արաբական սալիկին ընդգրկած խզուածքները այլ աւերիչ երկրաշարժէ։
Աասիրի ՍԱՆԱ-ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ երկրաշարժը պատահեցաւ եւ աւարտեցաւ, իսկ նոյն ոժգնութեամբ երկրաշարժ պատահելու հաւանականութիւն չկայ։
Ան հաստատեց, որ յառաջիկայ շրջանին Արաբական սալիկը կայուն պիտի ըլլայ, որովհետեւ յետցնցումային երկրաշարժները հետզհետէ պիտի դադրին, աւելցնելով, որ հանգրուանային կերպով հսկայ ներուժ պարպուեցաւ, ինչ որ ողջ տարածաշրջանը փրկեց 8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժէ։
Երկրաշարժներու վայրն ու ժամանակը գուշակելու կարելիութեան շուրջ, Աասիրի ըսաւ. «Երկրաշարժներ գուշակելը գիտականօրէն կարելի չէ։ Մինչ օրս կը հետապնդենք այն ցուցանիշները, որոնք կը զգուշացնեն մեզ որեւէ երկրաշարժէ, սակայն երկվայրկեաններ առաջ միայն։ Կան պատմական ուսումնասիրիութիւններ, որոնք կը հաստատեն, թէ նման աւերիչ երկրաշարժներ տեղի կ՚ունենան հարիւրաւոր տարիներ անգամ մը, եւ մեր տարածաշրջանի ժամանակը ըստ երեւոյթին նախորդ Երկուշաբթի օրն էր»։