Արցախի շուրջ տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներու վերջին զարգացումները, մասնաւորապէս Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնանկութիւնը, հակառակ ներկայացուած բացատրութիւն-հիմնաւորումներու, բազմաթիւ հարցերու ու մտահոգութիւններու տեղի կու տայ։ Հանրային տրամադրութիւններու անտեսումով եւ առանց դերակատար քաղաքական ուժերու նման որոշման կայացումը, անկախ դրդապատճառներէն, ինքնին անընդունելի է։

Հարցը այն է, թէ Արցախի դիմադրողականութեան առումով որքանով կայացուած որոշումը ճիշդ է։ Ի սկզբանէ յայտնի էր, որ պետական նախարարի պաշտօնին Ռուբէն Վարդանեանի նշանակումը, թէ Ատրպէյճանի մէջ, թէ Հայաստանի ու Արցախի որոշակի շրջանակներու մօտ լուրջ հակազդեցութեան պիտի արժանանար։ Այդպէս ալ եղաւ, երբ ալիեւեան բռնապետութիւնն ու ՀՀ իշխանութիւնը միաժամանակ ճնշում բանեցուցին Արցախի վրայ, որպէսզի Ռուբէն Վարդանեան հեռացուի պաշտօնէն։

Այս կացութիւնը անընդունելի է եւ մեծագոյն հարուած՝ Արցախի Հանրապետութեան ներքին անհրաժեշտ կուռ միասնականութեան։

Հակառակ իրողութիւններուն, կարելի դարձած էր Արցախի մէջ դրական տեղաշարժեր արձանագրել՝ յոյսն ու պայքարի ոգին անաղարտ պահելով. վերջին ամիսներուն արցախահայութեան դրսեւորած տոկունութիւնն ու կամքը արժանացած էին համահայկական գնահատանքին։

Այդ յոյսը յաղթանակներու վերածելու համար բոլորս ընելիք ունինք։ Նպատակներու ու անոնց հասնելու միջոցներու յստակ ձեւակերպումի ամէնօրեայ հետեւողական աշխատանքը, որքան ալ դժուար, անարդիւնք չի կրնար մնալ։ Հակառակ ներքին ու արտաքին դաւադիր ծրագիրներուն, հայութեան արժանապատուութեան եւ լինելիութեան պայքարը պէտք է շարուակուի։

ՀՅԴ-ն կը հաւատայ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան ուժին եւ պիտի շարունակէ իր բոլոր կարելիութիւններով նպաստել դիմադրութեան ու պայքարի գործին։

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ
28 Փետրուար 2023