Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 27 Փետրուարին Ժընեւի մէջ հանդիպում ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Հուսէյն Ամիր Ապտուլլահեանի հետ:
Ինչպէս «Արմէնփրես» կը տեղեկանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են երկկողմանի ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու մէջ փոխադարձ գործակցութեան առնչուող հարցեր: Երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:
Կարեւոր նկատուած է միացեալ ջանքերու ներդրումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող՝ ներառեալ ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ:
Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են շրջանին մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:
Անդրադառնալով Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին՝ Արարատ Միրզոյեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ առանց նախապայմանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը անյապաղ դադրեցնելու հրամայականը՝ համաձայն 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթներու: Այս պարունակին մէջ ընդգծուած է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ հրատապ միջոցներու կիրարկման վերաբերեալ 22 Փետրուարին կայացուած որոշումին իրականացումը:
Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին առնչուող զարգացումները: