Ազգային Ժողովի մէջ ներկայացուած երեք ընդդիմադիր ուժերու՝ ՀՅԴ Արցախի կառոյցի, «Արդարութիւն» եւ Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւններու ղեկավար կազմերու միջեւ քննարկումներու հետեւանքով ստորագրուած է յուշագիր, որուն համաձայն ստեղծուած է Միջկուսակցական Համակարգող Մարմին (ՄՀՄ):

Յուշագիրը կ’արձանագրէ, որ «Միջկուսակցական Համակարգող Մարմինը խորհրդատուական կառոյց է, ուր պիտի քննարկուին Արցախի քաղաքական դաշտի ընթացիկ ու սպասուող զարգացումները եւ անհրաժեշտութեան պարագային եզրակացութիւններ ու առաջարկներ պիտի ներկայացուին միատեղ գործողութիւններու եւ միասնական դիրքորոշումներու համար»:

Իր անդրանիկ նիստին ՄՀՄ որոշած է յառաջիկայ օրերուն Արցախի մէջ ստեղծուած ներքաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին մարտահրաւէրներու նիւթերով խորհրդատուութիւններ տեղի ունեցած են Արցախի մէջ գործող քաղաքական ուժերուն, հանրային տարբեր խումբերու ու առանձին անհատներու հետ:

Միջկուսակցական Համակարգող Մարմինը պիտի ձգտի հանրային-քաղաքական տեսակէտներու եւ նոր գաղափարներու համադրումի կամ փոխանակման հարթակ դառնալ, որուն, հիմնադիր քաղաքական ուժերէն բացի, կրնան մաս կազմել նաեւ այլ քաղաքական ու հանրային միաւորներ: