ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ

-Սուրիոյ ֆութպոլի դաշնութիւնը հրաւիրեց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մասնակից ակումբներու նախագահները՝ ուսումնասիրելու մրցաշարքը վերստին սկսելու ծրագիրը: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած էր ակումբներու նախագահներու անձամբ ներկայութիւնը:
-Սուրիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականը ժամանեց Ուզպէքիստան, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Ասիոյ մրցաշարքին: Սուրիոյ հաւաքականի խմբակին մաս կը կազմեն Իրաքը, Ինտոնիզիան եւ հիւրընկալ Ուզպէքիստանը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻԿ ԱՐԹՈՒՐ ԴԱՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԳԱՒԱԹԻ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ, ողոմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ՝ Եւրոպայի ախոյեան Արթուր Դաւթեան աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան ոսկի մետալակիր դարձաւ:
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Գերմանիոյ Կոտփուս քաղաքին մէջ ընթացող գաւաթի խաղարկութեան առաջին փուլին, Դաւթեան առանձին գործիքներու յենացատկի վարժութեան եզրափակիչին վաստկեց 15, 133 կէտ եւ գրաւեց առաջին դիրքը՝ դառնալով ոսկեայ մետալակիր:
Նախօրէին Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականի անդամ Գագիկ Խաչիկեան գրաւեց աշխարհի գաւաթի խաղարկութեան առաջին փուլի նժոյգ-թափերու երկրորդ դիրքը, իսկ հաւաքականի անդամ Արթուր Աւետիսեան օղակներու վարժութեան երրորդ դիրքը:

ՀԱՏԻՍ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿԱՆԱՆՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵԱՆ

Հայաստանի կանանց առաջնութեան 2022/23 մրցաշրջանի աւարտին Հատիս ձեռք ձգեց ախոյեանութիւնը: Հայաստանի կանանց առաջնութեան եզրափակիչ Հատիս – «Լես Ֆոքսիս» խաղին, Հատիս 73-68 արդիւնքով պարտութեան մատնեց մրցակիցը եւ տիրացաւ ախոյեանութեան կոչումին: Լաւագոյն եռեակը եզրափակեց «Երեւան Պասքեթ»-ը: Խաղին բարձրագոյն կէտ նշանակողը եղաւ «Լես Ֆոքսիս»-ի Ակիմա Ռիչըրտսըն, նշանակելով 37 կէտ։ Ան նաեւ 16 անգամ տիրեց օղակէն դարձող գնդակին « RIBUND» եւ կատարեց 6 արդիւնաւէտ փոխանցում: Յայտնի դարձան նաեւ առաջնութեան լաւագոյնները.
Լաւագոյն պաշտպան՝ Ակիմա Ռիչըրտս, «Լես Ֆոքսիս»
Լաւագոյն խաղարկող՝ Լուսինէ Տիտանեան, «Լես Ֆոքսիս»
Լաւագոյն թեթեւ յարձակող՝ Լուսինէ Սեդրակեան, «Երեւան պասքեթ»
Լաւագոյն ծանր յարձակող՝ Շէլ Դանիելս «Երեւան Պասքեթ»
Լաւագոյն կեդրոնական՝ Նարինէ Գիւքչեան, «Հատիս»
Լաւագոյն մարզիչ՝ Արէգ Վաւթեան, «Հատիս»:

Շարունակել Ալ-Նասր խումբին հետ։ Սէուտական Արաբիոյ ակումբը պատրաստ է պայմանագրութիւն առաջարկել սպանացի ֆութպոլիստին: 36-ամեայ Ռամոսի պայմանագրութիւնը Փարիզ Սան Ժերմանի հետ կ’աւարտի 2023-ի ամրան։ ըստ փարիզեան մամուլին, ակումբի պատասխանատուները Ռամոսի հետ պայմանագրութիւնը երկարաձգելու համար բանակցութիւններ չեն վարած: Այս մրցաշրջանին սպանացին մաս կազմած է 31 հանդիպումի՝ դառնալով 2 կոլի եւ 1 կոլային փոխանցման հեղինակ։ 23 Փետրուարին Ռամոս յայտարարեց Սպանիոյ հաւաքականէն իր հրաժարականը:

Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան