6 Փետրուարի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Իշխանութիւնը յառաջացուց երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի կեդրոնական մարմին մը, որ կը բաղկանար երկու յանձնախումբերէ։ Առաջինը՝ վնասներու արձանագրութեան յանձնախումբ, իսկ երկրորդը բնակարաններու վնասներու ստուգման երկրաչափական յանձնախումբ, որուն նպատակն էր, այցելել վնասուած բնակարանները, ստուգել վնասները եւ ճշդել անոնց ապահովական վիճակը։
Յանձնախումբը գործի լծուեցաւ գործակցելով Հալէպի երկրաչափական սենտիքայի փորձառու եւ մասնագէտ երկրաչափներու հետ, յանձնախումբս ճշդեց նաեւ երիտասարդ երկրաչափներու խումբ մը, որպէսզի աշխատանքը արագ թափով ընթանայ։
Յանձնախումբս մինչեւ օրս ստացած է վնասուած բնակարաններու, շէնքերու եւ խանութներու 533 դիմում։
Ստուգուած բնակարաններուն մէջ արձանագրուած են անապահով բնակարաններ, վնասուած բայց ապահով բնակարաններ եւ շէնքերու սիւներու եւ կամուրջներու անմիջական նորոգութեան պարագաներ։
Այս բոլորը կարիք ունին շինարարական եւ նորոգման ծրագիրներու մասնագիտական պատրաստութեան եւ իրագործման։

Հալէպի քրիստոնեայ եկեղեցիներու համայնքապետներու խորհուրդի միջհամայնքային օժանդակութեան յանձնախումբը արդէն լծուած է համայնքներուն հետ բնակարանային նորոգութեան ծրագիրներու իրականացման առումով գործակցութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ յառաջացուցած է վարձակալութեան գումար յատկացնելու ծրագիր մը, որպէսզի անբնակելի բնակարաններու բնակիչները տուն վարձեն ու ապահով մնան մինչեւ իրենց բնակարաններու վերաշինութիւնը։
Վնասներու արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին, իսկ վերաշինութեան աշխատանքները արդէն ընթացք առած են։ Միջհամայնքային օժանդակութեան յանձնախումբը յառաջացուցած է մասնագէտ երկրաչափներու յատուկ յանձնախումբ մը։