«Ռաիսինա երկխօսութիւն» համաժողովին Նիւ-Տելհիի մէջ գտնուող ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 3 Մարտին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերուն շուրջ:

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէն Լաչինի միջանցքի արգելափակման եւ ելեկտրականութեան խափանման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծվուած իրավիճակը։ Ընդգծուած է համաձայնուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը՝ խստօրէն հետեւելով 9 Նոյեմբեր 2020_ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան, տարածաշրջանի մէջ բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակման, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի շուրջ հարցերուն:

Հանդիպումի ընթացքին արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձած են նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու։