225 շարժական բնակարաններով բեռցուած չինական շոգենաւ մը Սուրիա ժամանեց՝ Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար։
Չինական «Ժողովուրդ» օրաթերթին համաձայն, բնակարանները պատրաստուած են պողպատեայ դռներով, 6 մեթր հասակով եւ 3 մեթր լայնքով։
Շոգենաւը ընթացք առած էր Չինաստանի Թեանճին նաւահանգիստէն։