Գերմանիան մտահոգուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Գերմանիան կարեւոր կը նկատէ խաղաղ հանգուցալուծման հասնիլը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդումով` այս մասին յայտարարեց Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին:

Շոլց յայտնեց, որ Փաշինեանի հետ հանդիպումին երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման վերաբերեալ միտքեր փոխանակուած են: Շոլց կարեւոր նկատեց, որ նախորդ տարի Գերմանիան սկսած է Հայաստանի հետ զարգացման ոլորտին մէջ համագործակցութեան:

Շոլց կարեւոր նկատեց նաեւ այն, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը քայլ առ քայլ երթան երկարաժամկէտ լուծման: Փաշինեան Շոլցին ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արձանագրուող վերջին զարգացումները: «Մենք մտահոգուած ենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին անկայուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հետզհետէ սրող մարդասիրական իրավիճակով: Սթաթիւս քոն չի կրնար շարունակուիլ, եւ պէտք է երկարաժամկէտ լուծման յանգիլ` ի բարօրութիւն մարդոց: Այս տեսանկիւնէն անհրաժեշտ է հասնիլ խաղաղ հանգուցալուծման, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքացիներու ինքնորոշման իրաւունքի տեսանկիւնէն: Ընդ որում, այս բոլոր սկզբունքները հաւասարազօր են», ըսաւ Շոլց:

Գերմանիան կ՛աջակցի Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդական ջանքերուն: Շոլց ընդգծեց, որ Գերմանիան այդ ըրած է` նաեւ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կազմին մէջ գերմանական անձնակազմ ուղարկելով: Ընդ որում, այդ առաքելութիւնը պիտի ղեկավարէ գերմանացի դաշնային ոստիկան մը:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, որ Ատրպէյճանը չի կատարեր նոյնիսկ Լա Հէյի դատարանի որոշումը` ապահովելու Բերձորի միջանցքով ազատ տեղաշարժը` Շոլց վերահաստատեց. «Մենք ինքնորոշման իրաւունքի, նաեւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կողմնակիցն ենք»: Ան կարեւոր նկատեց շրջանին մէջ անվտանգութեան բարելաւումը: