Կիրակի, 5 Մարտ 2023-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Սուրէնեան» դահլիճէն ներս ընդունեց այցելութիւնը Հալէպի մէջ հաշտեցման կեդրոնի վարչութեան պետ գնդապետ Եսիունին Սերգէյ Վլատիմիրովիչի եւ Ազգութիւններու հարցերով դաշնային գործակալութեան պետի խորհրդական Հայկազ Մայիսովիչ Միքայէլեանի, որոնք հանդիպում ունենալով Սրբազան Հօր հետ, համագործակցութիւն ոգիով, երկրաշարժի հետեւանքները թեթեւցնելու համար Ռուսիոյ զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու կողմէ որոշ կեդրոններու առընթեր, նաեւ մեր Թեմին սննդեղէնի կողովներէ բաղկացած օժանդակութիւն յանձնեցին։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի երկրաշարժի արտակարգ իրավիճակի մարմինի ատենապետ տիար Յարութ Հայրապետեան եւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ տիար Միհրան Վարդապետեան։
Սրբազան Հայրը Թեմին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այցելուներուն եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց անոնց։