Հալէպի նահանգային խորհուրդի նախագահ Մուհամմէտ Հիճազի յայտնեց որ նահանգապետարանը կը ծրագրէ մօտ ապագային Ճըպրին շրջանին մէջ 80 հեքթար տարածութեամբ հողի վրայ պատրաստ տնակներ տեղադրել՝ երկրաշարժէն տուժածներուն համար։
Հիճազի հաստատեց, որ տնակները բնակուելու պատրաստ պիտի ըլլան այս ամսուան աւարտին։
Ան աւելցուց, որ Իրաք 400 պատրաստ տնակ ուղարկեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն տուժածներուն համար, նոյնանման տնակներ ուղարկեցին նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Չինաստանը։

Նահանգապետարանը իդ կարգին պիտի տրամադրէ նաեւ 100 պատրաստ տնակ։