Եւրոպական «Air Mediterranean» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարեց, որ դէպի Սուրիա թռիչքներու 11 տարուան դադրեցումէն ետք, Սուրիա առաջին թռիչքը ընթացք պիտի առնէ Հինգշաբթի, 9 Մարտ 2023-ին։
Ընկերութիւնը աւելցուց, որ Հինգշաբթի օրուընէ սկսեալ շաբաթական երկու օդանաւ պիտի ուղղուի Սուրիա հետեւեալ ձեւով.
-Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը՝ Յունաստանի Աթենք մայրաքաղաքէն Դամասկոս.
-Ուրբաթ եւ Երեքշաբթի օրերը՝ Դամասկոսէն Աթենք։

Յիշենք, որ եւրոպական օդանաւային ընկերութիւնները դադրեցուցած էին իրենց թռիչքները դէպի Սուրիա 2012-էն ի վեր՝ Սուրիոյ դէմ ամերիկեան եւ եւրոպական պատժամիջոցներուն հետեւանքով։