Սուրիոյ Մարդասիրական Օգնութիւններու Բարձրագոյն Յանձնախումբը հանդէս եկաւ հետեւեալ հաղորդագրութեամբ.

-Սուրիան ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով տուժած ընտանիքներուն թիւը հասաւ 91.794-ի։ Անոնց անդամներուն ընդհ. կը հասնի 414.304-ի։

-Փլատակներուն տակէն դուրս բերուած է 1553 վերապրող, 6 անհետ կորած։
-Բնակելու համար վտանգաւոր եւ անապահով յայտարարուեցաւ 4444 շէնք։
-Հիմքերու վերանորոգութեան կարիք ունեցող 29.751 շէնքեր արձանագրուած են։
-Նորոգութեան կարիք ունեցող ապահով 30.113 շէնքեր արձանագրուած են։
-Փլուզումի ենթարկուած է 292 շէնք, որոնց փլելու հաւանականութեան տոկոսը բարձր էր երկրաշարժէն ետք։
-Բնակարաններու ստուգման գործողութիւնը կը շարունակուի, իսկ երկրաշարժէն տուժածներուն համար կեցութեան նոր կեդրոններ կը պատրաստուին։