Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2023-ի 91 թուակիր հրամանագիրը, որ կ՚ընդգրկէ սուրիական կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ։ Փոփոխութիւններուն համաձայն, սուրիական կառավարութեան մէջ 5 նոր նախարարներ նշանակուեցան, որոնք են՝ -Դոկտ. Ֆիրաս Հասան Քատտուր՝ քարիւղի եւ հանգային հարստութեան Նախարար
-Մուհսէն Ապտ ալ Քարիմ Ալի՝ ներքին առեւտուրի նախարար
-Դոկտ. Ապտ ալ-Քատէր Ճուխատար՝ արդիւնաբերութեան նախարար
-Լուայ Իմատ ատ-Տին Մունաճէտ՝ ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար
-Ահմէտ Փոսթաճի՝ պետական նախարար, երկրչփ. Մուհամմէտ Ֆայէզ Պարշայի փոխարէն։