Հինգշաբթի, 30 Մարտ 2023-ի միջօրէին, Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան հալէպահայութեան ուղղուած օժանդակութիւնը հասաւ Սուրիա-Լիբանան սահման, գլխաւորութեամբ Ֆրեզնոյի Ազգ․ Երեսփոխանական ժողովի անդամ, ՀՀ Ֆրեզնոյի պատուոյ հիւպատոս Պերճ Աբգարեանի։
Այս առիթով «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ Պերճ Աբգարեանին հետ, ընթերցողները ծանօթացնելու Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութեան նպատակին ու էութեան։
Ստորեւ կը ներկայացնենք հարցազրոյցը․

«Գանձասար»- Բարի եկաք Սուրիա, պարո՛ն Պերճ։ Կը խնդրեմ մեր ընթերցողներուն ներկայացնէք, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ առաջադրանքներէ մեկնած կազմուեցաւ Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութիւնը, որքա՞ն ատենէ ի վեր կը գործէ եւ ինչպիսի՞ օժանդակութիւն կրնայ բերել, այս պարագային, սուրիահայութեան։

Պերճ Աբգարեան- Ֆրեզնոյի Բժշկական Առաքելութիւնը սկսաւ այն պահուն, երբ հիմնուեցաւ Ֆրեզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակը, 20 Հոկտեմբեր 2014-ին։ Առաքելութեան աշխատանքը գլխաւորաբար կը հովանաւորուի Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակին կողմէ, անձամբ իմ հովանաւորութեամբ ու աշխատանքով։ Այսինքն անկախ բաժանում մը չէ, անմիջականօրէն կցուած է ՀՀ Պատուոյ Հիւպատոսութեան գրասենեակին։

Երբ նշանակուեցայ պատուոյ հիւպատոս, ներկաներուն դիմաց խոստում տուի, որ իմ աշխատանքը հարկ է որ արդիւնաւէտ ըլլայ եւ չսահմանափակուի միայն ճաշկերոյթներ կամ ծանօթացման հանդիպումներ կազմակերպելով, որովհետեւ իմ պարտականութիւնն է նուիրել ու ծառայել։ Այդ իսկ պատճառով, այդ իրիկուն բոլորին առջեւ խոստացայ յառաջիկայ տարուան Սեպտեմբերին կազմակերպել Բժշկական Առաքելութիւն մը դէպի Հայաստան։ Իրապէս ալ 27 Սեպտեմբեր 2015-ին առաջին Բժշկական Առաքելութիւնը ուղղեցինք Հայաստան։ Այնուհետեւ իւրաքանչիւր տարի, առաքուած առաքելութեան խումբին թիւը աճ արձանագրեց՝ առաջին տարին խումբը 23 բժիշկներէ կը բաղկանար, ապա 28, 40, 50 եւ այսպէս տարուէ տարի աճելով։

Անշուշտ առաքելութիւնը միայն անվճար բժշկական ծառայութիւն մատուցել չէր։ Մենք կեդրոնացած էինք նաեւ հիւանդանոցներու նորոգութեան, վերականգնումին, սարքաւորումներու ապահովման վրայ եւ այլն։ Զորօրինակ՝ 2019-ին Աշտարակի վիրահատարանը իր ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ՝ մօտաւորապէս 350.000 ամ․ տոլար գումարով։

Այսպիսով մենք Արցախ-Հայաստան շարունակաբար առաքելութիւն ղրկեցինք։ 2017-ին Յորդանան եւս բժշկական առաքելութիւն մը ղրկեցինք, իսկ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, մտածեցի թէ ինչո՛ւ միայն կեդրոնացած ենք Հայաստանի վրայ, սփիւռքահայ գաղութներն ալ պէտք է ներառնել այս ծրագրին մէջ։ Անցեալ տարի 4-13 Մարտին Եօթը հոգիով մէկ թոն բժշկական առաքելութեամբ ուղղուեցանք Լիբանան եւ ջերմ ընդունելութեամբ եւ համագործակցութեան ոգիով դիմաւորուեցանք։ Վեհափառ Հօր օրհնութիւնը ստանալէ ետք գործի լծուեցանք։

Աշխատանքը արդիւնաւէտ եղաւ։ Ես կ՛ուզեմ գնահատել մեր առաքելութեան հայ թէ օտար բժիշկները, որոնք նուիրումով, կամաւորաբար կը ծառայեն։ Երբ մենք Լիբանան ժամանեցինք, «Ազդակ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին գնահատուեցաւ մեր աշխատանքը, իսկոյն նկատել տուի, որ մենք, անկեղծօրէն, չենք եկած գնահատուելու, այլ՝ ծառայելու։ Ծառայութիւնը մեր նշանաբանը դարձաւ։

Երբ Վեհափառ Հօր հետ հանդիպում ունեցանք, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ պիտի չհարցնեմ թէ ե՛րբ կրկին պիտի ժամանես Լիբանան․․․։ Այդ խօսքը խթան դարձաւ, որ մեր աշխատանքը մէկ անգամով չաւարտի։ Որոշեցինք աւելի աշխոյժ ձեւով եւ լայն ծրագիրով վերադառնալ Լիբանան։ Կապ հաստատեցինք AUB-ի (Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան), ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին հետ, իսկ մեր խումբի բժիշկներուն թիւը 7-24-ի հասաւ:

Նոյնը պատահեցաւ երբ Սուրիոյ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ։ Ի միջի այլոց, ես Հալէպ ծնած եմ, մայրս եւ քոյրերս Հալէպ են։ Անդրադարձայ նաեւ որ հարկ է օգնութեան ձեռք մեկնել սուրիահայութեան։ Անշուշտ երախտագիտութիւնս կուզեմ յայտնել երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեանին։ Մենք բարեկամներ էինք, Դեկտեմբերին երբ տեսնուեցանք Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ․ Ընդհ․ ժողովին, զրուցեցինք հալէպահայութեան դժուար վիճակին շուրջ։ Այդ ժողովին պատիւ ունեցայ նաեւ ծանօթանալու Մակար սրբազանին։ Այդ խորհրդակցութիւնը մեծ հետք թողուց վրաս։ Երբ երկրաշարժը տեղի ունեցաւ, որոշեցի ամէն գնով հասնիլ նաեւ սուրիահայութեան։

Բժշկական առաքելութիւնը 30 Մարտին ժամանեց Սուրիա- Լիբանան սահման, ուր տեղի ունեցաւ օժանդակութեան փոխանցումը Բերիոյ Հայոց Թեմին։ Այս աշխատանքին իրականացման համար շնորհակալութեան խօսք կ՛ուղղեմ բոլոր ազգայիններուն՝ պրն․ Յակոբ Բագրատունիին, պրն․ Վրէժ Եագուպեանին, պրն․ Ժիրայր Րէիսեանին եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Եպս․ Աշգարեանին։ Երախտապարտ եմ իրենց, որովհետեւ օգնեցին, որպէսզի կարենանք ԱՄՆ-ի հեռաւոր ափերէն հասած հայ համայնքին օժանդակութիւնը հասցնել հալէպահայութեան։ Օժանդակութիւնը կ՛ընդգրկէր դեղորայք եւ բժշկական սարքաւորումներ։ Տրամադրեցինք նաեւ նիւթական օժանդակութիւն։
Այս բոլորը կարելի չէր ըլլար անշուշտ, եթէ Ֆրեզնոյի հայութիւնը կողքս չկենար ու իր նիւթական ներդրումը չբերէր։

«Գ․»- Ի՞նչ ապրումներ պատեցին ձեր էութիւնը, երբ երկար տարիներու բացակայութենէ ետք վերադարձաք ձեր ծննդավայր, այս անգամ օժանդակելու հայ համայնքին։ Պատմեցէք այդ պահերէն, խնդրեմ։

Պ․Ա․- Սահմանը անհաւատալի պատկեր մը ստեղծուեցաւ։ Շատ ցուրտ ու քամի էր, բայց մեր հոգիները ջերմ էին։ 20 վայրկեան տեւող մեր հանդիպումին շատ հարազատ մթնոլորտ, կապ ստեղծուեցաւ մեր միջեւ։ Մենք պայուսակները յանձնեցինք սրբազանին եւ ազգային պատասխանատուներուն, իսկ անոնք վստահեցուցին, որ օժանակութիւնը անպայման իր նպատակին պիտի ծառայէ։

Բժշկական Առաքելութեան նախաձեռնութիւնը ՀՀ պատուոյ հիւպատոսինն է, սեփական ճիգերովս աշխատանքի լծուած ու լծած եմ շատեր առաջին իսկ օրէն։ Անշուշտ ինծի թիկունք կը կանգնի Ֆրեզնոյի հայութիւնը։ Ըլլալով տեղւոյն հիւանդանոցներէն մէկուն փոխնախագահը, յաճախ գործ կ՛ունենամ բժիշկներու հետ։ Ատիկա կը դիւրացնէ մեր խումբի բժիշկներուն աշխատանքը։

«Գ․»- Ձեր վարձքը կատար։ Երկար ճամբայ կտրելով եկաք, հասաք Հալէպ՝ զօրակցելու հալէպահայութեան՝ յետերկրաշարժի իր ծանր օրերուն։ Ի՞նչ խօսք կ՛ուզէք ուղղել սուրիահայութեան։

Պ․Ա․- Գաղտնիք չէ, ըսեմ, սրբազան հօր ալ ըսի, որ բաւարարուած չեմ այս օժանդակութեամբ, ասիկա չնչին օժանդակութիւն մըն էր։ Կը խոստանամ հալէպահայ մեր բոլոր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որ մեր աշխատանքը պիտի շարունակուի, որպէսզի կարենանք օգնել բոլորին։ Ես ներողամտութիւն խնդրեցի սրբազանէն, ըսի որ այս օժանդակութիւնը բաւարար չէ, ներեցէք։ Թող Աստուած ինծի կարողութիւն տայ, որպէսզի ասկէ շատ աւելի մեծ ծաւալով օժանդակութիւն բերենք սուրիահայութեան։

Մենք շնորհակալութեան կարիքն ալ չունինք։ Հալէպահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները թող վստահ ըլլան, որ մենք իրենց կողքին մենք, առանձին չեն։ Ուստի թող ամուր կանգնին ու հոգեպէս տոկուն ըլլան, մենք մեր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնենք սուրիահայութեան:

Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան