Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց, որ սուրիական հողերու վրայ իսրայլեան իրարայաջորդ յարձակումները կը վկայեն Իսրայէլի եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումներուն համակարգման մասին՝ սուրիական տագնապի երկարաձգման միտումով։
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ «Իսրայէլ կը շարունակէ Սուրիոյ նկատմամբ իր ոճրային արարքները եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը։ Փաստօրէն իսրայէլեան ուժեր զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ գործակցաբար նոր յարձակում մը գործեցին Տանա շրջանին մէջ գտնուող սուրիական բանակի կեդրոնին վրայ»։