Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի օրհնութեամբ, 3-4 Ապրիլ 2023-ին, Թեմի Նպաստից Մարմինին կողմէ համայնքի 500 ընտանիքներու եւ ոչ քրիստոնեայ 500 ընտանիքներու բաժնուեցաւ օժանդակութիւն, որ տրամադրուած է Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու Խորհուրդին (MECC) կողմէ:

Յիշենք, որ Նպաստից Մարմինը երկրաշարժէն ետք հանգրուանային կերպով կը շարունակէ օժանդակութիւն բաժնել ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, նպաստիցի եւ մարդահամարի ցանկերուն հիման վրայ։

Մակար Սրբազան այցելելով Նպաստից Մարմինի գրասենեակը, մօտէն հետեւեցաւ տարուած բարեսիրական աշխատանքներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց Նպաստից Մարմինին տարած մարդասիրական ծառայութիւնն ու համադրուած աշխատանքը։