Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշքարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի Կիրակի,9 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յիշատակուեցաւ մեր փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնը։
Հոգեշնորհ հայր սուրբը օրուան խորհուրդն ու պատգամը ուղղելով ըսաւ. «Քրիստոսի Յարութիւնը եղաւ լոյսը մեր կեանքին, որովհետեւ լոյս Քրիստոսը այսօր Յարութիւն առաւ եւ իր մահով մահուան յաղթեց։ Քրիստոս մեզի տուաւ ճշմարիտ լոյսը եւ մենք այլակերպեցանք իր լոյսով ու որպէս Քրիստոսի արեան գինի զաւակներ փրկութիւն ստացանք։ Ապրինք լոյսը եւ այդ լոյսով լուսաւորենք մեր նմանները։ Ապրինք յոյսը եւ այդ յոյսով յոյս ներշնչենք մեր նմաններուն։ Այսպիսով կը փարատին բոլոր դժուարութիւնները եւ կը յաղթահարենք Սատանայի փորձութիւնները։
Փառք տանք Աստուծոյ եւ շնորհակալութիւն յայտնենք։
Փառք Սուրբ Յարութեան Ալէլուիա՛»:

Պատարագէն ետք հգեշնորհ հայր սուրբն ու հաւատացեալ ժողովուրդը թափօր կազմած միացան ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտութեան, որոնք տողանցելով հասան առաջնորդարանի շրջափակ, որ Ս. Յարութեան տօնին առիթով իւրայատուկ կերպով յարդարուած էր տիկին Թամար Սարգիսեանի կողմէ։ Այնուհետեւ Եկեղեցասիրաց Տիկնանց կազմը հաւկիթ ու գինի հիւրասիրեց ժողովուրդին եւ Համազգայինի «Վանա» պարախումբը հայկական պարերով խանդավառեց ներկաները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Նանար Սարգիսեանի։

Այնուհետեւ Հոգեշնորհ հայր սուրբը Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց հաւատացեալ ժողովուրդէն, պաշտօնական հիւրերէ եւ ազգային մարմիններէ։
ՀՄԸՄ-ի սկաուտներն ու փողերախումբը, որպէս երկար տարիներու աւանդութիւն, տողանցելով շրջեցան Գամիշլիի հայահոծ թաղամասերը՝ նուագելով ազգային երգեր եւ խանդավառելով ժողովուրդը։ Վերջինս ծափողջոյններով եւ հրճուանքով դիմաւորեց զիրենք։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն