Այո, ճիշդ կարդացիք բառը՝ գրքաբուժութիւն, գիրքերով, կամ աւելի ճիշդը՝ ընթերցումով բուժում:
Բայց ի՞նչ հիւանդութիւններէ կը բուժէ ամենանոր այս մասնագիտութիւնը:
Այս նիւթը մաս կը կազմէ Լոնտոնի (Անգլիա) Կեանքի Դպրոց հիմնարկի դասընթացքներուն եւ կ’օգնէ մարդոց, որ կարենան դիմագրաւել գոյութեան ամէնօրեայ յուզական մարտահրաւէրները, «հիւանդներուն» ընթերցումի նիւթեր կամ գիրքեր թելադրելով, դեղերու նման:
Շատեր կը նախընտրեն իրենց ընթերցումի ցանկը պատահականութեան եւ անոր հետ եկող անակնկալին ձգել:
Սկիզբը գրքաբոյժը հիւանդին հարցումներու ցանկ մը կը ղրկէ,- անշուշտ՝ առցանց,- կարդալու սովորութիւններուն մասին, օրինակ ե՞րբ կը կարդաս օրուան ընթացքին, քանի՞ գիրք կը կարդաս տարուան ընթացքին, ինչպէ՞ս ձեռք կը ձգես գիրքերը՝ գնելո՞վ, հանրային գրադարանէ՞ մը, ընկերներէ՞ փոխ առնելով եւ այլն, կամ աւելի զգացական հարցեր՝ ճիշդ հիմա ի՞նչն է որ կը մտահոգէ քեզ եւ կը զբաղեցնէ միտքդ, ի՞նչ կ’ընես այդ ուղղութեամբ եւ այլն:
Անշուշտ «դարմանումը» մէկ նիստով չէ որ վերջ կը գտնէ. հարցարանները կ’երթան եւ ամբողջացած կը վերադառնան, մի՛շտ առցանց ուղիներով. հարցումները կը միտին պեղել «հիւանդին» հոգեկանը, աւելի եւ աւելի խորացող հարցումներով, մանաւանդ երբ «հիւանդը» սիրելիի մը կորուստին հետ է որ կը պայքարի:
Ի վերջոյ կը հասնի «դեղագիրը», որ ոչ այլ ինչ է, քան ընթերցուելու թելադրութեամբ կազմուած գիրքերու ցանկ մը:
Հետաքրքրական է, որ «հիւանդը», որ ընդհանրապէս կատաղի ընթերցող մը կ’ըլլայ,- հոսկէ՝ գրքաբուժութեան դիմելը կամ իր մէկ բարեկամին զինք հոն ուղղելը,- այդ ցանկին գիրքերէն եւ ո՛չ մէկը կարդացած կ’ըլլայ:
Դեղագիրը ոչ միայն գիրքերու ցանկ մը կը հայթայթէ, այլ նաեւ կը նկարագրէ, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ի՛նչ փոփոխութիւն կամ բարելաւում կրնայ բերել ընթերցողին, ներողութիւն՝ «հիւանդին»:
Հիւանդներէն մէկը կ’ըսէ, թէ այդ գիրքերուն ընթերցումը երկու տարի խլած է իրմէ, բայց անդրադարձած է, այլ անդրադարձումներու կողքին, թէ մեր ապրած այս աշխարհիկ շրջանին, ընթերցումը այն քանի մը միջոցներէն մէկն է, որ կ’օգնէ մեզի կարճեցնելու միջոցը մեր անձին եւ տիեզերքին միջեւ:
Հետաքրքրական է, որ ընթերցումը, մանաւանդ գեղարուեստական ընթերցումը կը լուծէ անձը ինքզինք մոռնալու չափ, միաժամանակ կը շեշտէ մարդուն անհատականութիւնը: Ինչպէս որ մեծագոյն ընթերցողներէն մին՝ Վիրճինիա Ուոլֆ ըսած է ընթերցումի մասին.
«Ընթերցումը մեզ երկուքի կը բաժնէ՝ կ’ոչնչացնէ մեր «եսը», միաժամանակ խոստանալով մեզ  միացնել մեզմէ գերադաս միտքի մը հետ»:
Գրքաբուժութիւնը այնքան հին չէ, որքան երաժշտութեան միջոցով հոգեկան խանգարում ունեցողներ բուժելը, բայց եւ այնպէս՝ հին միջոց մըն է: «Հին»-ը այստեղ շատ յարաբերական է, որովհետեւ առաջին օգտագործումը բառին կու գայ 1916 թուականէն՝ «Գրական Դարմանատուն Մը» (A literary Clinic), զոր սկսեր է Պակսթըր անունով հովիւ մը, իր եկեղեցւոյ ներքնայարկին մէջ, տագնապած հոգիներուն գիրքեր տրամադրելով, որովհետեւ «գիրք մը կրնայ ըլլալ խթանող, հանգստացնող, գրգռիչ կամ սոսկալի. մէկ խօսքով՝ կ’ազդէ ընթերցողին վրայ. ընթերցողը պէ՛տք է գիտնայ այդ ազդեցութեան բնոյթը, որովհետեւ այդ ազդեցութիւնը կրնայ էապէս տարբեր ըլլալ»:
Այսօր կա՛ն գրքաբուժութեան հետեւողներ, ինչպէս օրինակ բանտարկեալները, որոնք միշտ կը քաջալերուին, երբեմն նաեւ կը պարգեւատրուին ընթերցումի համար, կամ գիրքի ակումբները, ուր ընդհանրապէս թոշակառուներն են անդամները, կամ որպէս դարմանում անոնց, որոնք անքնութենէ կը տառապին:
Գեղարուեստական գրականութիւնը վերափոխուելու փորձառութիւն կը պարգեւէ ընթերցողին, կ’ըսեն «Կեանքի Դպրոց»-ի հիմնադիրները: Կ’ըսեն նաեւ, թէ գրքաբուժութիւնը կարելի է վերագրել նոյնիսկ հին յոյներուն, որոնք Թէպէսի հանրային գրադարանի մուտքին արձանագրած էին «Հոգին Բուժելու Վայր» գրութիւնը:
Աւելի ուշ՝ 19-րդ դարուն Սիկմունտ Ֆրէօյտ իր հոգեվերլուծութեան մէջ օգտագործած է գրականութիւնը: Իսկ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն տուն դարձած տագնապահար զինուորներուն խորհուրդ տրուած է որոշ գիրքեր կարդալ, եւ այդ աշխատանքը ճիշդ կատարելու համար գրադարանավարները որոշ դասընթացքներու հետեւած են:
Այսօր գրքաբուժութիւնը կ’օգտագործուի բուժելու համար կեանքի ճգնաժամային պահերէն ծնած տագնապները, ինչպէս աշխատանքային անել կացութիւն մը, զոյգերու միջեւ յարաբերութիւններու անհարթութիւն, վախ եւ այլն:
Տարիներէ ի վեր գիտական հետազօտութիւններ ընող գիտնականներ կ’ըսեն, թէ «գեղարուեստական գրականութեան ընթերցումը, նոյնացումը գրական հերոսներու հետ կրնայ ընկերային կարողութիւնները բարելաւել, մեզ զգացականօրէն շարժել եւ փոխել մեր խառնուածքը»:
Ասիկա մարդու կեանքին ո՞ր հանգրուանին համար կ’ըսուի, մինչեւ պատանեկութի՞ւն, երբ տակաւին չէ կազմուած մարդուն անհատականութիւնը, թէ՞ աւելի ուշ, երբ ա՛լ կազմաւորուած եւ հիմնաւորուած է այնքան, որ դիւրին չըլլար ընթերցումի միջոցով փոխել մարդուս մանաւանդ ընկերային յոռի բարքերը:
Գիրքերը,- կ’ըսուի,- մեզի առիթ կու տան, որ փորձարկենք մեր ընկերային յարաբերութիւնները, առանց վնասուելու կամ ուրիշներուն վնաս հասցնելու:
Միւս կողմէ՝ «Եթէ նոյնիսկ համաձայն չես, թէ գեղարուեստական գրականութիւն կարդալը կ’օգնէ, որ այլոց հետ աւելի լաւ վարուինք, անիկա ձեւ մըն է, որ մենք մեզի հետ լաւ վարուինք, որովհետեւ կարդալը meditation-ի ազդեցութիւն ունի ուղեղին վրայ եւ ներքին անդորրին տուած առողջական օգուտները կու տայ մարմնին»: Կանոնաւոր ընթերցում ընողները լաւ կը քնանան, սթրէսի ցած ցուցանիշ կ’ունենան եւ ինքնավստահութեան բարձր ցուցանիշ, քան անոնք որոնք ընթերցում չեն ըներ:
Գիրքերու առնչուած այլ «ցաւ» մը կայ՝ անոնց առատութիւնը եւ բոլորը կարդալու անկարելիութեան գիտակցութիւնը: Այստեղ կը միջամտէ գրքաբոյժը, թելադրելով կարդալու տարբեր ցանկ իւրաքանչիւր «հիւանդ»-ի համար, որովհետեւ ամէն ընթերցող չէ, որ կրնայ ընտրութիւն կատարել ամէն տարի հրատարակուող գիրքերու ովկիանոսէն եւ այս՝ եթէ տուեալ ընթերցողը կարդացած է գոնէ մէկ երրորդը միջազգային գրականութեան դասականներու ցանկին, որ, ըստ Time հանդէսի մէկ ուսումնասիրութեան, կը հաշուէ հարիւր գիրք:
Ցաւը սակայն ա՛յն է, որ իւրաքանչիւր տասնամեակի մէջ կարելի է գտնել նոր ցանկ մը, հին խորագրով՝ «Այն հարիւր գիրքերը, որ մարդ պէտք է կարդացած ըլլլայ մեռնելէն առաջ»:
Կ’ըսուի թէ սովորական կամ միջին ընթերցող մը հազիւ կրնայ հարիւրէն 12 գիրք կարդացած ըլլալ: Ես կարդացեր եմ 35 դասական գիրքեր եւ 19 աւելի ժամանակակից գիրքեր: Կրկին ոչինչ թիւ է, երբ այդ 19 գիրքերը շատ հաւանաբար «անհետանան» նոր ցանկերէն եւ ուրիշ, նոր հրատարակուած գիրքեր գան անոնց տեղը առնելու:
Ասիկա կարծեմ կեանքի գեղեցիկ տառապանքներէն մէկն է, եթէ տառապանքը երբեւէ կրնայ գեղեցիկ ըլլալ:
Հոսկէ է որ կը սկսի անշուշտ իւրաքանչիւր ընթերցողի տառապանքը, ինչպէս կ’ըսէ Շէյքսփիր իր Թիթուս Անտրոնիգուսին մէկ տողով.
«Եկէ՛ք եւ ընտրութիւն կատարեցէ՛ք իմ ամբողջ գրադարանէս, նենգութեան մատնելով ձեր ցաւերը»:
Ընթերցումի կողքին կայ նաեւ գիրքեր հաւաքելու եւ զանոնք չընթերցելու (ընթերցումի ժամանակ չգտնելու) արուեստը, tsundoku-ն, ինչպէս կ’անուանեն ճափոնցիները այս «արուեստը»:
Գիրքեր գնելը եւս կ’արտայայտէ ընտրութիւն մը, որ կրնայ շատ տարբեր ըլլալ իւրաքանչիւրին համար:
Այս իմաստով յաճախ հարցուցած եմ շուրջս գտնուող ընթերցասէրներուն՝ «Ինչպէ՞ս կ’ընտրես գնելիք գիրքերդ»:
Պատասխանը խայտաբղէտ է միշտ, ինչպէս խայտաբղէտ է մարդոց խառնուածքը:
-Կարդացած կ’ըլլամ գիրքի մը գրախօսականը եւ հաւնած նկարագրուած գիրքը: Կը գնեմ. կը կարդամ. եթէ իրապէ՛ս հաւնեցայ, այդ հեղինակին բոլոր նախկին գիրքերը կը կարդամ, ապա կը սկսիմ հետեւիլ իրեն եւ անմիջապէս որ նոր գիրք մը լոյս ընծայէ, կը գնեմ եւ կը կարդամ:
-Բայց այդպիսով սահմանափակած կ’ըլլաս ընտրելու քո՛ւ ազատութիւնդ, որովհետեւ նախ հետեւած կ’ըլլաս գրախօսի կարծիքին,- որ յաճախ տնտեսական շահ կը հետապնդէ՝ գիրքերուն ծախուիլը,- ապա՝ չես կրնար գաղափար ունենալ այլ հեղինակներու այլ գործերուն մասին:
Ուրիշ մը կ’ըսէ, թէ կը հետեւի իր ընթերցասէր բարեկամներու խորհուրդներուն. այս ալ վերի նոյն պատասխանը կրնայ ունենալ, նաեւ՝ ո՞ւր է քո՛ւ խառնուածքիդ յարմարող գրականութիւնը եւ ինչպէ՞ս պիտի գտնես զայն:
Կը մնան գիրքերուն ետեւի կողքին դրուած ամփոփումն ու կարծիքները (blurb): Թէ կարելի՞ է անոնց վստահիլ, այս ալ ուրիշ հարց: Բայց որ ընթերցումը կրնայ բուժում ըլլալ, ասոր համոզուած եմ 100%:
Կը մնայ որ դուք ալ համոզուիք:
Մարուշ Երամեան