Կիրակի, 16 Ապրիլի միջօրէին Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեանին այցելեցին Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոկի նախագահ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգայիններ՝ Վրէժ Եագուպեան եւ Յարութ Հայրապետեան։

Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպման քննարկուեցան Լիբանանի, Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի քաղաքական, տնտեսական կեանքին առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ զոյգ երկիրներու հայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններն ու անոնց յաղթահարման միջոցները։