Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»-ի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ 22-24 Ապրիլ 2023-ին տեղի ունեցան խորհրդակցական նիստեր՝ յատկացուած «Լոզանի 100-ամեակին ընդառաջ» թեմային:
Տարեսկիզբին Արամ Ա. կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ կայացած հերթական  նիստերու ընթացքին ընդգծուած էր անհրաժեշտութիւնը Լոզանի պայմանագրին 100-ամեակին ընդառաջ նախապատրաստուելու՝ հիմնական երկու ուղղութիւն նկատի ունենալով. առաջին՝  գտնել իրաւական այն ուղիները, որոնք Սեւր-Լոզան յարաբերակցութեամբ խնդրոյ առարկայ չեն դարձներ հայութեան պատմական իրաւունքները. երկրորդ՝ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պահպանման առումով լուսարձակի տակ կը բերեն Թուրքիոյ ստանձնած պարտաւորութիւնները:
Այս խորհրդակցական նիստերուն հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը (յանձնախումբի անդամ), ԳԱԱ-ի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի խորհրդական, ակադեմիկոս փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեանը, ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական հարցի բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեանը,  միջազգային օրէնքի մասնագէտ եւ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի դատի թղթածրարի պատասխանատու դոկտ. Նորա Պայրագտարեան-Գապագեանը, պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանը (յանձնախումբի ատենապետ), յանձնախումբի անդամներ՝ Կիրօ Մանոյեանը, Շահան Գանտահարեանը եւ կաթողիկոսութեան հիմնադրամներու յանձնախումբերու քարտուղար-գործավար Ահարոն Շխրտըմեանը:
Նկատի ունենալով հարցին քաղաքական ուղղուածութիւնն ու ներկայացուցած այժմէական նշանակութիւնը, ինչպէս նաեւ համահայկական օրակարգի բնոյթը, վեհափառ հայրապետին հրաւէրով նիստերուն նաեւ մասնակցեցան հայ քաղաքական կուսակցութիւններու բարձրագոյն մարմիններու ներկայացուցիչները՝ Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան (ՍԴՀԿ) Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (ՀՅԴ) Բիւրոյի  ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական Վարչութեան անդամ տոքթ. Աւետիս Տագէսեանը:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին ներկայացուեցան մասնագիտական զեկուցումներ՝  պատմական, իրաւական եւ քաղաքական ուղղութիւններով: Պատմաբաններու, իրաւաբաններու եւ Սփիւռքի հայ քաղաքական-հասարակական գործիչներու այս համատեղ քննարկումը նպաստեց առաջադրուած թեմայի արծարծման նախապատրաստական փուլի կայացման:
Մասնակիցները յատկապէս շեշտեցին, որ ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, համազգային առումով, խիստ անհրաժեշտ են նման նախաձեռնութիւններ, որոնք կը համախմբեն հայ գիտական եւ քաղաքական միտքի ներկայացուցիչները համատեղ քննարկելու պատմական ենթահող ունեցող եւ տարածաշրջանին մէջ արձանագրուող իրադարձութիւններն ու անոնց հաւանական հետեւանքները թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի մէջ:
Արամ Ա. վեհափառ իր խոր գոհունակութիւնը յայտնեց համախմբման երեւոյթին, միասնաբար խնդիրները քննարկելու պատրաստակամութեան եւ մանաւանդ իւրաքանչիւր ոլորտի տեսանկիւնէն խորքային ու որակեալ զեկուցումներուն, խորհրդակցութիւններուն եւ անոնցմէ բխած առաջարկներուն համար:
Համակողմանիօրէն անհրաժեշտ նկատուեցաւ նման ձեւաչափով խորհրդակցական հանդիպումները շարունակել: