Տան բազկաթոռին վրայ նստած, գլուխս անոր բարձին հենած, բջիջային հեռախօսս ձեռքս առած, անոր էջերուն մէջ ման կու գամ։
Ալ մօտ ու հեռու հարազատներու նկարներ, երբեմն ընկերներ եւ բարեկամներ, երբեմն ծանօթ թուացող դէմքեր, բայց տարիներու փոշիներու տակ մնացած, մշուշով քողարկուած յիշողութիւնս ի վիճակի չէ, որ յիշէ անոնց անունները ու ճանչնայ անոնց դէմքերը։ Երբեմն անձեր, որոնց շատ կարօտցած եմ, ու որքան կը փափաքէի, որ անոնք հիմա ինծի հետ ըլլային։ Երբեմն-երբեմն…
Նեղացած ու վրդոված բջիջային հեռախօսս կը փակեմ։ Ալ ոչ ոք կայ։ Այս բոլորը խաբկա՞նք էր…։
Սիրտս, միտքս ու հոգիս կ’ալեկոծին, անոնց ալիքները անգամ մը ասդին, անգամ մը անդին զիս կը շպրտեն, ու միտքս միայն մէկ բառ կը կրկնէ, կարօտը ունիմ-կարօտը ունիմ։
Կարօտը ունիմ մեր տան «հին» շէն օրերուն, երբ մեր տան մէջ լսուած խնդուքի ձայները, տարբեր տաքուկ մթնոլորտ մը կը ստեղծէին։ Կարօտը ունիմ նոյնիսկ մեր վիճաբանութեան ձայներուն։
Կարօտը ունիմ մեր տան ճաշասեղանին շուրջ հաւաքուած նստելուն։ Առաւօտեան ամէն մէկը շտապելով իր գործին կամ դպրոցին, ճիշդ ժամանակին հասնելու հեւքին։ Ճաշին ընտանիքիս անդամներուն տարբեր-տարբեր ժամերու, սեղան նստելուն, երբ մայրս առանց դժկամելու, իւրաքանչիւրիս, ուրախութեամբ կրկին սեղան կը պատրաստէր։
Կարօտը ունիմ տօնական օրերուն, երբ մեր խօսակցութիւնները կը խաչաձեւուէին ու մէկը միւսին լսելու դժուարութիւն կ’ունենայինք։ Կարօտը ունիմ խնդալու, խօսելու, հին յիշատակներ, իւրայատուկ թէ սովորական յուշեր պատմելու։
Կարօտը ունիմ մեր տան մէջ ուրախ-զուարթ խօսակցութիւններուն։ Եւ այն անձերուն, որոնք իրենց մտահոգութիւններն ու գործերը մոռցած, անկեղծ ու անհոգ ժամեր կը վայելէին։
Կարօտը ունիմ տան մէջ իրարու մտահոգութիւնները բաժնող անձերուն, որոնք կը թեթեւցնէին, տրամադրութիւնդ լիովին փոխելով եւ կրկին ոտքի կանգնեցնելով, որպէսզի կեանքդ շարունակէիր։
Կարօտը ունիմ, անհանգիստ օրերուն հարազատի մը գուրգուրոտ ձեռքին, որ ուսիս թափ տալով, «ցաւդ տանիմ» ըսէր, ու շուարէր ի՞նչ ընէր, որ լաւ ու հանգիստ զգայի։
Կարօտը ունիմ տօնական օրերուն մեր տան եռուզեռին, երբ տան դուռը հազիւ փակուած զանգը կրկին կը հնչէր, ինչպէս նաեւ հարազատներու այցելութիւններուն ու անոնց սրտանց ողջագուրումներուն։
Շատ լսած էի կարօտախտի մասին, բայց լսելը տարբեր բան է, դուն այդ հիւանդութեան մատնուիլը տարբեր բան է։ Իսկ այս օրերուն աշխարհով մէկ ցրուած հայ իւրաքանչիւր ընտանիք, օտարութեան մէջ անպայման սրտի կտոր մը ունի, ու անոնք բոլորը կը տառապին կարօտախտէ։
– Ճարդ ի՞նչ…։ «Կարօտը ունիմ»ներու շարքը դեռ շատ կ’երկարի։ Պէտք է տոկալ։ Տկարութիւնը լուծում չէ։ Շատ բնական է, որ մարդ արարածը տկարութեան պահեր ունենայ ու այդ վայրկեանները ապրի, «բայց պէտք չէ յանձնուիլ»։
Մտքիս մէջ այս վերջին նախադասութիւնը կրկնելով, կ’ուզեմ խելքի գալ ու բնական կեանքս շարունակել, ու կրկին գործերուս վերադառնալ։ Թաց աչքերս կը սրբեմ։
Ձեռքս բնազդօրէն կը մեկնեմ բջիջային հեռախօսիս, նախասիրած երգս կը միացնեմ, ու կը միանամ անոր՝ բարձրաձայն երգելով։
Սրտիս ու մտքիս կարօտի ալիքները հետզհետէ կը խաղաղին։Կը փորձեմ կեդրոնացումիս սլաքը ուրիշ ալիքի մը վրայ լարել։ Ալիքի մը վրայ, ուր կեանքը լաւատեսութեամբ ու քաջասրտութեամբ պէտք է շարունակել։ Չորս դիս կը փնտռեմ զիս ուրախացնող ոգի մը, ուրուական մը, յուսալով որ կը գտնեմ զայն, ու կեանքի տաքուկ արեւածագը վերստին կը դիմաւորեմ։
Սեւան Ա. Մանճիկեան