Երեքշաբթի, 2 Մայիս 2023-ին, սկիզբ առաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանին կազմակերպած հալէպահայ համալսարանականներու երթեւեկի ծրագիրը։

Ծրագիրին նպատակն է երկրէն ներս տիրող տնտեսական ծանր պայմաններուն եւ սղաճին հետեւանքով յառաջացած երթեւեկի դժուարութիւնները յաղթահարել` ապահովելով հանրակառք մը Հալէպի պետական համալսարանի հայ ուսանողներուն համար։

Ծրագիրը մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ հալէպահայութեան կողմէ։ Աւելի քան 250 ուսանող արձանագրուած է սոյն ծրագիրին եւ օրական շուրջ 130 ուսանող կ’օգտագործէ հանրակառքը, որ կը շրջի ամէն օր բացի Ուրբաթ եւ Շաբաթ արձակուրդի օրերէն, Հալէպի հայաշատ թաղամասերէն հասնելով պետական բոլոր համալսարաններու շրջանները։
Աւելցնենք, որ արձանագրութիւնները տակաւին կը շարունակուին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս։