(Յակոբ Հաւաթեանի արտասանած խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտման 105-ամեակին նուիրուած Հալէպի տօնակատարութեան)

Հայոց ամպամած երկնակամարին տակ, մեր պատմութեան օրհասական այս օրերուն, հայրենիքը կորսնցնելու արհաւիրքին մէջ, հաւաքուած ենք յիշատակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 105-ամեակը։
Վտանգը այլեւս տեսանելի իրականութիւն է բոլորին համար. թշնամին դարձեալ հասած է Երեւանի դարպասին եւ արդէն ‎ֆ‎իզիքապէս ներկայ է հոն՝ ազատօրէն կը դեգերի Երեւանի փողոցներուն մէջ: Հայրենիքի սահմանները մնացած են անտէր: Հարուածուած են հայոց բանակի յենասիւները: Օրէ օր կը խորանայ ազգի երկփեղկումը, պառակտումը:

Պարտուողականութիւնը ամէն օր քիչ մը աւելի կը սրսկուի հայ մարդու երակներուն մէջ։ Աւելի՛ն, անտարբերութիւնը, կացութեան նկատմամբ համակերպումը, ազգային պահանջատիրական երթէն հրաժարումը, հայութեան արժէքային համակարգի ջլատումը եւ անտեսումը, ինչպէս նաեւ ազգային գաղափարախօսութեան քանդումի փորձերը ոչ թէ թաքնուած, այլ օր ցերեկով բացայայտօրէն կը կատարուին մեր բոլորին տեսադաշտին դիմաց։

Այո՛, դարձեալ մինակ ենք. մեծապետական հաշիւներու զոհասեղանին դրուած է Արցախը, եւ անշուշտ ոչ մէկ բան կրնայ երաշխաւորել, որ Հայաստանը մնայ այս կացութեան մէջ ապահով ու անառիկ։ Փաստօրէն, հայրենիք կորսնցնելու վտանգը խռոված է մեր կեանքը։

Եւ ինչքան այժմէական է եւ այսօր դարձեալ կը լսուի Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի խօսքը. «Ամէն ոք իր մասին է մտածում, հայերով ոչ ոք չի հետաքրքրւում։ Մինակ ենք եւ պէտք է ապաւինենք միայն մեր ուժերին»։
Շարունակենք տակաւին. հայոց դիւանագիտութիւնը այսքան խայտառակ վիճակի մէջ չէր յայտնուած։ Խախտած է Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւնը, անորոշին մէջ կը տուայտի հայրենի պետականութեան ճակատագիրը։ Հայաստան զիջած է իր տեղն ու դերը տարածաշրջանին մէջ եւ դադրած է գործընթացներուն մէջ դերակատար դառնալէ ու պարզապէս այդ գործընթացներուն հետեւանքով իրեն պարտադրուած հայրենակործան ուղղութիւնն է, որ կþորդեգրէ, այսպէս կոչուած յանուն «խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման»։ Հայաստանի Ազգային Ժողովը դարձած է խեղկատակութեան թատերաբեմ եւ Հայաստանի իշխանութեանց պարտուողական քաղաքականութեան յագուրդ տալու հիմնական օղակ։

Խորհրդարանական մեծամասնութիւնը երկրի իշխանութիւնները կը փորձեն իբրեւ վահան օգտագործել իրենց ազգավնաս վարքագիծը ամբողջականօրէն գործադրելու՝ անտեսելով ժողովուրդի ձայնը, տագնապահար ու մտահոգ զանգուածի արդար կամքը։
Հայաստանի մէջ քաղաքական մշակոյթը ոտնահարուած եւ երկրի ժողովրդավարական հիմերը խախտած են, իսկ ներկայ իշխանութիւնները այլեւս դարձած են անկարող հայութեան ճակատագիրի տէրը հանդիսանալու, եւ վտանգաւոր ընթացքով պարտութենէ պարտութիւն առաջնորդուող երթը փոխանակ կասեցնելու, երկիրը ձգած են իր բախտին ու ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն հայութեան զանգուածներուն մէջ յանձնուողական քաղաքականութիւնը ընկալելի դարձնելու եւ կը փորձեն ստեղծել պարարտ հող հողային զիջումի նոր համաձայնագիրներու որդեգրման համար։

Եթէ համեմատելու ըլլանք այսօրուան իրավիճակը 1918-ի տիրող կացութեան հետ, պիտի տեսնենք որ հասարակաց շատ մը ստորոգելիներ առկայ են։
1918-ին հայութիւնը կը գտնուէր անմխիթար կացութեան մէջ՝ ջարդուած, տեղահանուած, իր համրանքին կէսը կորսնցուցած, անմարդկային սպանդներու ծանր ազդեցութեան տակ կքած, արիւնաքամ վիճակի մէջ կը քաշկռտէր իր գոյութիւնն ու ճակատագիրը։

Թշնամին բոլոր միջոցներով որոշած էր նոր հարուածով մը բնաջինջ ընել հայն ու Հայաստանը եւ համաթուրանական իր երազի իրականացումը այլեւս ամբողջականօրէն իրականութիւն դարձնել։
5,5 դար ստրկութեան մէջ ապրած ժողովուրդի մը համար, որ տակաւին միայն 3 տարի առաջ ենթարկուած էր Ցեղասպանութեան, դժուար էր պատկերացնել, որ 1918-ին պիտի յաջողի կերտել իր ամբողջ պատմութեան մեծագոյն հրաշքը։ Այո՛, առանց վարանումի կարելի է հաստատել, որ հայութեան մեծագոյն հրաշքը հանդիսացաւ։
Հայոց պետականութեան ստեղծումը եւ իբրեւ լիիրաւ ազգ ու պետութիւն միջազգային քարտէզի վրայ իր դերակատարութեան ձեռքբերումը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ հրաշք, որ կարելի եղաւ իրագործել համաժողովրդային ամբողջական ծառացումով ու խոյանքով։ Այս համաժողովրդային պայքարի գերագոյն արտայայտութեան հարազատ վկայութիւնը կը շարունակէ մնալ 28 Մայիսը, իբրեւ համազգային աննախընթաց նուաճում։
Հրաշքի համազօր էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին կարելի եղաւ կերտել իրաւական պետութեան մը հիմերը, ստեղծել կայուն վարչամեքենայ, կրթական եւ համալսարանական ցանց, տնտեսական զարգացման ուղենիշներ եւ դիւանագիտական արժանավայել կառոյց։ Աւելի՛ն, 28 Մայիսի մեծագոյն ձեռքբերումը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ պետականութեան կողքին կերտուեցաւ քաղաքական ու պահանջատիրական նկարագիրով ուժեղ հայ անհատը, որ յարութիւն տուաւ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման եւ նպատակներու իրագործման պայքարի գիտակցութեան։ Ամբողջական հայութեան ու ամբողջական Հայաստանի տեսլականի ուրուագծումը 28 Մայիսի հարազատ ձեռքբերումն էր, իսկ ազատութեան ու անկախութեան վերընձիւղումը հայոց բառարանին մէջ՝ արգասիքն էր նուիրական այդ պայքարին։
Ցեղասպանուած ազգի մը մնացորդացին այս մեծագոյն ու անբացատրելի սխրանքը վերականգնելու եւ ինքզինք վերագտնելու համար ի գործ դրուած համաժողովրդային ծառացումը թշնամի հորդաներու դէմ, փաստօրէն ազատութեան ու մահուան միջեւ այլեւս վերջնական ընտրանքի կայացումն էր, որ յատկանշուեցաւ գերմարդկային անսպասելի ճիգով ու հայու արեամբ կնքուած ազգային գաղափարախօսութեան դարբնումով։
Ճիշդ է, որ Առաջին Հանրապետութեան կեանքը երկար չտեւեց, սակայն երկուքուկէս տարին բաւական պիտի ըլլար, որ հայութիւնը այլեւս միանգամընդմիշտ թօթափէ ստրկութեան, համակերպումի, այլասերումի բոլոր կապանքները եւ դառնայ լիիրաւ ազգ ու պատրաստ գտնուի դիմակալելու իր գոյութեան սպառնացող ամէն հարուած։

Եթէ անկախութեան կերտումը հրաշքի համազօր համազգային ձեռքբերում էր, նոյնքան նաեւ հրաշքի տարողութեամբ կը յատկանշուին անկախութեան ու պետականութեան կորուստէն ետք այդ արժէքներու պահպանումը եւ անոնց դարբնումը իրերայաջորդ սերունդներուն մօտ։ Ինչքան ալ ճիգ ու դաւադրութիւն սարքուեցաւ այդ բոլորը բնաջնջելու, բայց այդ փորձերը ի դերեւ անցան։ Փաստօրէն այդ աննահանջ պայքարին արգասիքը հանդիսացաւ Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծաւալումը եւ արցախեան պահանջատիրական պոռթկումը, հուսկ՝ Հայաստանի վերանկախացումը։

1920-ին Հայաստանի կառավարութեան դիւանագիտական աշխուժութիւնը պսակադրուեցաւ եզակի յաջողութեամբ, երբ ան դաշնակիցներու կողքին ստորագրեց Սեւրի դաշնագիրը։ Այդ դաշնագրին հիման վրայ նախագահ Ուիլսըն կատարեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանագծումը եւ Հայաստանը իրաւականօրէն ստացաւ միջազգային ճանաչում։
Դիւանագիտական այս յաջողութիւնը հանդիսացաւ պատմադրոշմ նուաճում, Հայաստան ճանչցուեցաւ իբրեւ ինքնիշխան պետութիւն եւ հնարաւորութիւն ստացաւ հետապնդելու իր դատն ու անկորնչելի իրաւունքները։ Հետեւաբար, 28 Մայիսը Հայ Դատի հետապնդման իմաստով նաեւ իր անուրանալի դերն ու նշանակութիւնը ունեցաւ եւ ան ձեւակերպեց հայ ժողովուրդի ազգային պահանջները։
Այսօրուան իշխանութիւնները անշուշտ հեգնանքով կը մօտենան համազգային այս նուաճումին, երբ հայութեան իրաւունքներու հետապնդման ազգային պահանջատիրական երթը կը նկատեն զգացականութեամբ յորդուն ռոմանթիզմ ու տեղ մը նաեւ անիմաստ արկածախնդրութիւն։ Հարկ է յիշեցնել հայրենի ժողովուրդին եւ մանաւանդ դուխով խաղաղութիւն մուրացող պետական այրերուն, որ տակաւին երէկ՝ իրենց նախորդները, իրենց իսկ յորջորջումով՝ այսպէս կոչուած «հիները», Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի համահայկական հռչակագիրով Հայ Դատի հետապնդման գործընթացը օժտեցին պետական ստորոգելիներով, անոր տալով համահայկական աւելի ընդգրկուն դիմագիծ։ Իրենք՝ «նորերը», ամէն վայրկեան պատրաստ են տկարացնելու հայութեան պահանջատիրական երթը։

Սեւրը նուիրագործեց ազատ ու անկախ Հայաստանի ձեռքբերումը եւ դարձաւ փարոս միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի կերտման տեսլականին։ Այսօր, հայոց պետութեան ներկայացուցիչները իրենց վարքագիծով կը փորձեն այդ տեսլականն ալ պարպել հայ կեանքէն ու ժողովուրդը վերածել անդիմագիծ հաւաքականութեան։
Գաղափարական յենասիւներէ զուրկ այսօրուան իշխանութիւնները, իրենք արդէն կը հաստատեն, որ գաղափարաբանութիւն երբեք չեն ունեցած։ Այդ իսկ պատճառաւ պէտք չէ այլեւս մեզի զարմանք պատճառեն կարգ մը իշխանական ականաւոր դէմքերու արտայայտութիւնները, երբ կը յայտարարեն, թէ Հայաստան Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն հողային եւ այլ պահանջներ չունի, Արարատը եւ այլ պատմական սիմպոլներ հայկական չեն եւ տակաւին ամօթանքի շղթան ու մեր ազգային արժանապատուութիւնը վարկաբեկող իմաստազուրկ բացագանչութիւնները կարելի է երկարել։

Անուրանալի է 28 Մայիսի ներդրումը Զանգեզուրի հայացման առումով։ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը այս աշխատանքին համար լիազօրեց Գարեգին Նժդեհը։ Արդարեւ, ան յաջողեցաւ թուրք-թաթար-ազերի յորդաներու ուժերը զսպել, կազմակերպել ժողովրդային բանակ եւ Զանգեզուրը հայկականացնել ու դարձնել Հայաստանի անբաժան մաս՝ վերագրաւելով հայկական տարածքները։
Այսօրուան իշխանաւորները այս նուիրագործումը եւս կը փորձեն փոշիացնել եւ արդէն սահմանազտման ու սահմանագծման կեղծ շղարշին տակ թշնամիին կը փորձեն նուիրաբերել այդ տարածքներու կարեւոր մէկ մասը։ Փաստօրէն Սիւնիքը այսօր վտանգուած է եւ ամէն օր թշնամին կը կրծէ մեր սահմանները ու կը զաւթէ նոր հողատարածքներ։

Կամաւորական հասարակական կազմակերպութեան անցնող շաբաթ նախաձեռնած Կոռնիձորի հաւաքը այս ուղղութեամբ պատգամ մըն էր բարեկամին ու թշնամիին, որ զանգեզուրեան խոյանքը միշտ ալ ինքզինք կրնայ պարտադրել ու հայութիւնը ոչ մէկ ձեւով պատրաստ է զիջելու իր հայրենիքի անվտանգութեան երաշխիք այդ հողամասը եւ իր մէջ անմար կը պահէ հայութեան ու Հայաստանի ազատագրութեան պայքարի ջահը։

Հրաշագործ 28 Մայիսի կարեւոր արգասիքներէն մէկը կը հանդիսանայ նաեւ ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր Ժողովի Երեւանի՝ անկախ Հայաստանի մայրաքաղաքին մէջ գումարումը, որ տեղի կþունենար առաջին անգամ ըլլալով։
Հայ Դատի հետապնդման նոր դարձակէտ մը հանդիսացող այդ ժողովը Արմէն Գարոյի ղեկավարութեամբ կը յանձնէր «Նեմեսիս» գործողութիւնը՝ պատժելու համար Ցեղասպանութեան հեղինակներն ու ջարդարարները։

Այսօր, «Նեմեսիս»-ի նուիրուած յուշակոթողի տեղադրումը հայրենի հողին, վրայ ներկայ ճգնաժամի պահին, ընդվզեցուցած է թուրքը եւ նա՛եւ՝ քողարկուած ձեւով, Հայաստանի նորօրեայ իշխանութիւնները։ Թուրքիա սպառնական ու ռազմատենչ բառամթերքով ու աքթերով կը հակադրուի այս երեւոյթին՝ չվարանելով պահանջել այդ յուշակոթողի վերացումը եւ քանդումը:
«Նեմեսիս»-ի յուշակոթողին կանգնեցումը այս փուլին պատգամ մըն է թշնամիին, որ հայութիւնը ոչ մէկ ատեն համակերպող է իրեն պարտադրուած կացութեան եւ արդարադատ բազուկներ ծնած ժողովուրդը, ա՛նտարակոյս, գիտէ կերտել նոր «Նեմեսիս»-ներ։

Այս բոլորէն ետք մտածել, թէ այսօր յօդս պիտի ցնդի աւելի քան հարիւրամեակ մը ծաւալած հայութեան յաղթերթը, այո վստահաբար կ՛ըսենք՝ ո՛չ։ Մտածել, թէ հայութիւնը պիտի ընկալէ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ հրամցուող պարտուողական ու յանձնուողական ամէն տեսակի համաձայնագիր, հազա՛ր անգամ ո՛չ։ Ազգը հայութեան նորօրեայ պայքարին տուած է իր գերագոյնը եւ թանկագինը։ Իր հազարաւոր զաւակներու թանկ արեամբ ոռոգած է հայրենիքի դաշտերը, որպէսզի հայը մնայ արժանապատիւ, Հայաստանը մնայ հայութեան, Արցախը չենթարկուի թշնամիի լուծին։ Ոչ մէկ կասկած, որ նոյն այդ ժողովուրդին ազգային նկարագիրը որքան ալ հոսկէ-հոնկէ փչող հողմերն ու հոսանքները փորձեն մթագնել, պիտի շարունակէ իր հարազատ դրսեւորումով ինքզինք պարտադրել ու կոփել հայկական դիմադրականութիւնը։

Վերջապէս սակայն մտածել, որ մեր պայքարը դիւրին է, չարաչար սխալած կ՛ըլլանք։ Անհրաժեշտ է գիտակցիլ, որ կենաց մահու օրհասական ժամ ու վայրկեան է, եւ հայրենիքը կարիքը ունի մեր բոլորին, որպէսզի մնանք միջազգային քարտէզին վրայ, եւ մեր իրաւունքներուն անժամանցելիութիւնը վերաշեշտադրուի իրաւականօրէն։

Յարգելի՛ ներկաներ,
28 Մայիս 1988-ին Հալէպի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնի բացման հանդիսութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ անդամ հանգուցեալ Հրաչ Տասնապետեան պիտի յայտարարէր. «Արամ Մանուկեան ժողովրդային տան բացումը ոչ միայն յիշատակի եւ յարգանքի սոսկական ոգեկոչում մը կþընծայէ հայ ազատագրական պայքարի մեծագոյն դէմքերէն մէկուն, այլեւ ինքնաբերաբար կը լեցուի 1918 թուականի Մայիսի հերոսամարտերուն մթնոլորտով՝ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի դիւցազնական խոյանքներու անկրկնելի ոգիով, սեփական ազատ ու անկախ հայրենիքի կերտման աննուաճ հրամայական մթնոլորոտով, ոգի ու տեսլական, զորս 1918 օրհասական օրերուն մարմնաւորած է անզուգական Արամը, զորս հայկական բանակին ու Արարատեան դաշտի ժողովուրդին ներշնչեց Ղարաբաղի այդ աննման զաւակը, Հայ յեղափոխութեան երեսնամեայ քուրային մէջ թրծուած այդ անյողդողդ յեղափոխականը»։
Արամի կամքն ու վճռականութիւնը մնացին եւ կը շարունակեն մնալ ամէնօրեայ ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ։ Արամ Մանուկեանի դարբնած գաղափարական հենքին վրայ կազմաւորուեցան սերունդներ, Սփիւռքի մէջ հաստատուած ժողովրդային տուները դարձան գաղափարական կազմաւորման հնոցներ, եւ այդ հնոցներուն ճամբով կարելի եղաւ պահել ու պահպանել Արամներու ժառանգութիւնն ու պատգամը, 28 Մայիսով ձեռք բերուած բոլոր նուաճումները։ Սփիւռքի մէջ ու նաե՛ւ հայրենիքի, իրերայաջորդ սերունդներ իրենք զիրենք ճանչցան Սարդարապատով, եւ շատեր նոյն խոյանքով արժանի դարձան հանգչելու սարդարապատեան պատուանդանին վրայ։‎ Այդ սերունդները անցեալի նուաճումները շաղկապեցին մեր ներկային հետ, եւ Սարդարապատի զանգերը ամէնօրեայ դրութեամբ ղօղանջեցին մեր կեանքին մէջ։

Ռա‎ֆֆի Պչաքճեանի նման առաքինի, անձնուրաց, խոնարհ հերոսներ ու դաստիարակներ իրենց համակ նուիրումով սարդարապատեան ոգին դարբնեցին նորօրեայ սերունդներուն մէջ։ Յարութ Բանոյեանի, Մոսիկ Սեքլեմեանի եւ Յակոբ Աստարճեանի կամքն ու վճռականութիւնը եւ թշնամիին մէկ թիզ հող չզիջելու իրենց պողպատեայ համոզումը զանոնք արժանի դարձուց դասուելու Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի հերոսներու փաղանգի շարքին։

Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի 28 Մայիսի խորհուրդն ու պատգամը անհրաժեշտ է, որ մնայուն կերպով կենսաւորուին մեր ներկային մէջ։ Արցախը արդէն տուած է իր որոշումը, եւ Արցախի ազգային ժողովը միաձայնութեամբ կը մերժէ Հայաստանի իշխանութեանց կողմէ, հայոց հայրենիքի մէկ մասի՝ Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքները անքլաւներու անուան տակ Ատրպէյճանին զիջելու քայլերը, որոնք անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնեն հայկական պետականութեան կորուստին։ Արցախը կոչ կþուղղէ համայն հայութեան, որ կասեցնէ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեանց որդեգրած աղէտալի քայլերը։

Այսօր, համայն հայութիւնը կը գտնուի արցախահայութեան կոչին անսալու հրամայական ու ճակատագրական պարտաւորութեան դիմաց։ Այլեւս ոչ ոք իր դաւադրական խաղերով թող փորձէ համարձակիլ այս կեցուածքը զետեղել հայաստանեան ներքաղաքական պարունակին մէջ՝ անոր տալով հակաիշխանական կամ այլ պիտակաւորում։ Հայրենիքը կորսնցնելու վտանգին դիմաց հայութեան միաւորումը անխուսափելի է, եւ պատմութիւնը վկայ է, որ հայութիւնը ի վիճակի է այդ միասնակամութիւնը նուաճելու՝ յանուն իր հայրենիքի գոյութեան։ Ձեռք բերուած միասնակամութիւնը պիտի դառնայ մղիչ ուժը մեր ժողովուրդի նորօրեայ պայքարին, ինչպէս կատարուեցաւ 28 Մայիս 1918-ին։

Արամներու՝ Երեւանը չդատարկելու պատմական որոշումը այսօր պէտք է արձագանգէ ամէնուրեք։ Այդ կոչի այժմէականացումը արդէն մենք կը կարդանք այսօ՛ր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի 23 Մայիս 2023-ին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ, ուր կþըսուի. «Մենք չենք հանդուրժելու հայ ազգի շահերը ոտնահարող պարտադրուող համաձայնութիւնները։ Արժանապատիւ ու հայրենատէր բոլոր հայերը այս առումով անելիք ունեն։ Մենք հաւատում ենք՝ միասին կարող ենք բեկել պատմութեան անիւը»։
28 Մայիսի համաժողովրդային նուաճումը այլապէս ալ ունի ուսանելի դասեր։ Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, անկախութիւնը կերտած սերունդը ազատագրական պայքարի ջահը վառ պահելու յատուկ առաջադրութեամբ վտարանդի դարձած վիճակի մէջ կազմակերպեց Սփիւռքը՝ հաւատալով անոր անուրանալի դերակատարութեան։ Սփիւռքին տուաւ քաղաքական ու պահանջատիրական յատուկ նկարագիր, որպէսզի շարունակուի հայութեան իրաւունքներու վերատիրացման համազգային երթը։ Այսօր, սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները յանձնուողական իրենց քաղաքականութիւնը կը շարունակեն համալրել նոր զիջումներով եւ այդ մէկը հեզասահ դարձնելու համար կը փորձեն տարանջատել, պառակտել Սփիւռքը՝ զայն ունենալու համար իբրեւ անդիմագիծ գործօն, հրաժարած՝ իր համազգային պարտաւորութենէն։ Այսօրուան իշխանութիւնները հայավնաս այս ընթացքով կը փորձեն հաճոյակատար դառնալ թշնամիին, որ արդէն միշտ ալ կը յանկերգէ թէ հայկական Սփիւռքը Հայաստանի համար չարիքի ու հիւանդութեան աղբիւր է։

Սփիւռքի դերակատարութեան վերաշեշտադրումը ներկայ փուլին կը ստանայ աւելի վճռորոշ իմաստ։ Սփիւռքահայութեան ազգային ուղղութիւնը շեղելու, անոր մէջ հիասթափութիւնը խորացնելու, զայն օտարացնելու, եւ վերջապէս՝ Սփիւռքի քաղաքական գործօնը չէզոքացնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն ճիգն ու ռազմավարութիւնը պէտք է արժանանան մեր բոլորին ուժեղ հակազդեցութեան, ինչ որ արդէն տեղի կþունենայ այսօր։

Սփիւռքի ներուժի հաւաքագրումը, նորահաս սերունդներու ազգային կազմաւորումը կը շարունակեն մնալ առաջադրանք ու կարեւոր անյետաձգելի աշխատանք։ Այո՛, հայեացքները պէտք է ուղղել դէպի հայրենի հող, հարկ է պատրաստ ըլլալ ամէն մարտահրաւէրի ու նաե՛ւ արեան կանչի, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական ներուժի ամբողջական օգտագործումով դիմակալել չարիքը եւ ապահովել հայրենիքի փրկութիւնը։
28 Մայիսը մեր ինքնութեան, գոյութեան եւ մեր հայկականութեան երաշխաւորը հանդիսացաւ։ Այսօր դարձեալ արժէքային նոյն այս համակարգը պահելու համար պարտաւոր ենք ազգովին հայավայել ու հայատրոփ նոյն խոյանքով ու յարատեւ կռուի աննահանջ կամքով պատրաստ ըլլալ հայրենիքի կանչին։
Հազարաւոր հայորդիներու արեամբ ձեռքբերուած հայկական հողատարածքները մեր սրբավայրերն են ու արժանապատուութիւնը, մեր իրաւունքը ըլլալէ առաջ։

Հետեւաբար, թող ոչ ոք կասկածի մեր ժողովուրդի հերոսական ճախրանքին ու հրաշագործ ուժի արտայայտութեան վրայ, ան ի վիճակի է կերտելու նոր հրաշքներ եւ հայկական նոր ասպետութիւններ։

Այդ հողերը կը պատկանին 10 միլիոն հաշուող հայութեան, եւ ո՛չ պարտուողական ստորագրութիւնները, ո՛չ ալ մեծապետական հաշիւները կրնան շեղել մեզ մեր այս դար մը եւ աւելի կենսափորձով նուաճած համոզումէն։ Կը մնանք տէրը մեր հողին ու կը մնանք պատրաստ՝ այդ հողին տալու ամէն ինչ, որպէսզի ապրին հայն ու Հայաստանը, որպէսզի ապրինք մենք արժանապատուօրէն ու հայօրէն։
Թէ ապագայ կա՞յ, այո՛, հաստատ կայ։ Այդ ապագան սակայն պայմանաւորուած է ազգային լիիրաւ պետութեան կերտումով եւ պետականութեան հիմերը 28 Մայիսի ձեռք բերուած ազգային պետականութեան հետ ամրօրէն օղակելով։ Այո՛, Արամներու վճռականութեամբ ու անկախութիւն կերտած ապագայատեսիլ նուիրեալ հիմնադիրներու կտակին հաւատարիմ կարելի պիտի ըլլայ միայն կերտել նոր վարդահեղեղ արշալոյս ու ո՛չ խաբուսիկ, այլ՝ հայու վայել ու մեր դարերու պատմութեան շունչը ապրեցնող հարազատ միջավայրով օժտուած նոր Հայաստան։

Կեցցէ՛ պահանջատէր հայութիւնը,

Կեցցէ՛ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի անկորնչելի եռամիասնութիւնը,

Կեցցէ՛ 28 Մայիս 1918-ով ուրուագծուած ամբողջական ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի տեսլականը։

Կեցցէ՛ մեր վաղուան փառահեղ յաղթանակը…