Մեծ թիւով դիմանկարներ գրած եմ, նախ Հալէպէն, ապա՝ Գահիրէէն, որովհետեւ համոզուած եմ, որ կա՛ն մարդիկ, որոնք կարեւոր մէկ գոյնը կամ գիծը կը կազմեն գաղութի մը. զանոնք բացայայտելը, անոնց դիմանկարները բառերով ուրուագծելը մանրամասնութիւն մը կ’աւելցնէ գաղութի մը դիմագիծին վրայ: Այսպէս են Թորոս Թորանեանը, Ռուբէն Պարսումեանը, եւ անշուշտ՝ Տիկին Փառանձեմը:
ՊԱՐՈՆ ՌՈՒԲԷՆԸ
Կար ժամանակ, երբ պարոն Ռուբէն եր քաղաքին երկու բեմադրիչներէն մէկն էր. թերեւս ալ կարճ  (արդեօ՞ք երկար) ժամանակի  մը համար՝  միակը. եւ ոչ միայն բեմադրիչ. ունէր ի՛ր խումբը, եւ կը բեմադրէր ի՛ր հաւնած, սիրած, գնահատած, պաշտած միակ հեղինակը՝  Պարոնեան, Յակոբ Պարոնեան:
Եւ այնքան հաւնած, սիրած, գնահատած ու պաշտած է Պարոնեանը, որ ուսումնասիրութիւն մըն ալ նուիրած է անոր:
Սակայն պարոն Ռուբէն ինչի՛ ալ նուիրուի, կը նուիրուի անմնացորդ. եւ ինչպէս բոլոր անոնք, որոնք հիմնական կրթութեան պակասի մը ցաւը միշտ կ’ապրին, պարոն Ռուբէն ինք եւս կ’երթայ մինչեւ ծայրը իր սիրած եւ ընտրած նիւթին:
Այդ նիւթը ժամանակին թատրոնն էր եւ Պարոնեանը, Յակոբ Պարոնեանը:
Այսօր ուրիշ է պարոն Ռուբէնին սիրոյն եւ գուրգուրանքին առարկան, որ վերջին տարիներուն գրաւեր է իր միտքը, հոգին եւ… գրպանը:
Սքանչելի հաւաքածոյ մը ունի հայկական հին պղնձեղէնի՝  կոնքեր, թասեր, ճաշամաններ, բաղնիքի ամաններ, սուրեր, թանաքամաններ, զանգակներ, եւ… պղնձագործներու գործիքներ:
– Հինգ սերունդ պղնձագործ եղեր ենք, այո՛,- կ’ըսէ շատ յստակ հպարտութեամբ- մեծ մայրս պղնձագործներու երրորդ սերունդի դուստր եղած է. յետոյ արհեստը անցած է հօրս՝ Աւետիսեաններու փեսայ Վարդգէս Պարսումեանին, այո՛…
Եւ այնպիսի մանրամասնութիւններ կը պատմէ որ…
Պղնձագործութիւնը ուսումնասիրող դոկտորականի թեկնածու մը պիտի չկարենար հաւաքած ըլլալ այսքան տեղեկութիւն, այսքան իր ու գործիք, պիտի չգիտնար արհեստէն այսքան գաղտնիք:
Քաղաքս այցելող ամէն նշանաւոր հայ անպայմա՛ն պիտի այցելէ Պարոն Պարսումեանին տունն ու խանութը: Եթէ ժամանակ չունի՝  գոնէ միայն տունը:
Տո՞ւն է, թանգարա՞ն, թէ՞ գրադարան:
Տան բոլոր սենեակները գիրքերով նուաճուած են. նստասենեակին եւ հիւրասենեակին մէջ՝  գրադարաններ, ննջարաններուն մէջ, անկողիններուն տակ սնտուկներով գիրքեր, իսկ խոհանոցը, պահարաններուն վրայ նոյնքան սնտուկներով գիրքեր:
– Անշուշտ ամէն մէկ գիրքին տեղը գոց գիտեմ, այո՛…
Փնտռած մէկ գիրքդ յաճախ պարոն Ռուբէնին քովէն կը գտնես. սիրայօժար կը տրամադրէ, անշուշտ եթէ վստահ ըլլայ, որ պիտի… չգողնաս:
Սուրճ մը խմելէ ետք, պարոն Ռուբէն կը սկսի իր գանձերը մէկիկ-մէկիկ ցուցադրել, իւրաքանչիւրին մասին լայն ու երկայն տեղեկութիւններ տալ եւ յետոյ  անմիջապէս անցնիլ զայն ձեռք ձգելու պատմութեան:
Այս բոլորին մէջ դուն միայն շունչ կ’առնես, պարոն Ռուբէն միայն կը խօսի. դուն միայն մտիկ կ’ընես, պարոն Ռուբէն միայն կը խօսի. նոյնիսկ գնահատանքդ արտայայտելու բառ չես գտներ, որովհետեւ բոլոր բառերը պարոն Ռուբէն ինք գործածեր է արդէն:
Յետոյ տունէն դուրս կ’ելլես ու կը զգաս, որ կուրծքդ սեղմուեր էր, բոլոր գիրքերն ու պղինձները թոքերուդ չոքած, շունչդ առեր են, որ իրե՛նք շնչեն գոնէ կարճ պահ մը, երբ դուրս եկեր են իրենց պահստոցներէն:
Երբ բարկացած է, աչքերը շա՜տ լայն կը բանայ, ամէն վայրկեան խօսակիցը alert վիճակի մէջ պահելով՝  եթէ յանկարծ ակնագունդերը դուրս թռին, անմիջապէս բռնէ զանոնք, կամ՝  ետ տեղը հրէ …
Երբ խանդավառ է, դարձեալ աչքերը շա՜տ լայն կը բանայ, այնքան, որ խօսակիցը պահ մը, երկա՜ր պահ մը կը կարծէ թէ … բարկացեր է.
– Այո՛. այդ կինը եկաւ, բերած վզնոցին 150 ոսկի տուի, չտուաւ. գնաց: Յետոյ այնպէ՜ս նեղուեցայ, որ քիչ մը աւելի չէի տուած …
Կէս կը ձգէ պատմութիւնը, կը վազէ ներս, կը բերէ մետաղեայ կլոր, հին տուփ մը, գուրգուրանքով կը բանայ եւ կը հանէ վզնոցը՝  կապոյտ ուլունքներու շարոց մը, երեք տեղ ընդմիջուած:
– Ահա. ասիկա ձեռք մըն է կապոյտ քարը վրան. ասիկա՝  գայլի ակռայ, մէջտեղէն արծաթեայ գօտի մը կայ ու տակը՝ տերեւիկներ. այս ալ՝  կոտոշաւոր օձի գլուխ: Այո: Գնաց: Աղօթեցի: Այո, ես, աղօթեցի որ ետ գայ: Երկու շաբաթ ետք եկաւ, «քիչ մը աւելցո՛ւր» ըսաւ: Աւելցուցի, առի, այո, ահա՛…
Գայլի ակռան եւ կոտոշաւոր օձի գլուխը (թէեւ հազիւ 1 սմ. լայնքով եւ 2 սմ. հասակով)  հետաքրքրութեամբ եւ ահով կը լեցնեն լսող-դիտողները: Պարոն Ռուբէնին հրճուանքը կ’աւելնայ:
Դեռ չենք յագեցուցած մեր հետաքրքրութիւնը, երբ պարոն Ռուբէն  կրկին ներս կը վազէ եւ կը բերէ մետաղէ (պղի՞նձ, անա՞գ) թաս մը.
-Ո՞վ կ’ըսէ թէ այս թասը մետաղի մէկ շերտով շինուած է. վարպետը նախ այս ութանկիւնը կազմած է, յետոյ զայն կամաց-կամաց հաւաքած մինչեւ այս մէկ սանթիմը. դիւրին գործ չէ. այս թասը մինչեւ աւարտիլը հարիւր անգամ կրակը մտած ըլլալու է. այո՛. կը տեսնէ՞ք այս համաչափութիւնը …
Առաջին անգամ տեսնողը կարծես մենք չենք, այլ ինք, այնքան մեծ է հիացումը թասը շինող վարպետին, յափշտակութիւնը անոր համաչափութեամբ եւ գեղեցկութեամբ:
– Այո՛: Այս բաները եթէ չըսենք ու չպատմենք երիտասարդներուն, կը մոռցուին, պատմող չըլլար: Հիմա որ այդ գիրքս լոյս պիտի տեսնէ, այո, բաւական բան փրկուած կ’ըլլայ. հազար էջ է, եւ երեքհարիւր լուսանկար:
Կրկին ներս կը վազէ (բայց արդէն քիչ մը աւելի դանդաղ) եւ կը բերէ նկարներուն ալպոմը.
– Ահա՛ այդ թասը շինող վարպետը՝  Յարութիւն Պէրպէրեան… կը տեսնէ՞ք այս ջրամանը, նախշուն ափսէէ մը շինուած է . .
– Բայց ինչո՞ւ որեւէ մէկը պիտի ուզէ նախշուն ափսէ մը ջրամանի վերածել… եւ ի՞նչպէս նախշերը չեն աւրուած…
– Չեն աւրուած, անշուշտ, փայտէ մուրճերով, թոխմախներով աշխատուած ըլլալուն, վարպետութեան ցուցադրութիւն, այո՛… կը տեսնե՞ս, երեք հազար տոլար տուին, չտուի, թէեւ շատ նեղն էի…
– Մէյ մը որ այդ գիրքը հրատարակուի, ա՛լ կրնաք ամբողջ ձեր հաւաքածոն ծախել, չէ՞…
Հարցումս չի լսեր. սիրտը տրոփ մը փախցուցած ըլլալու է: Ընտանիքին անդամները երեսս կը նային ու լուռ կը խնդրեն՝  համոզէ՛ զինք, համոզէ՜…
Բայց պարոն Ռուբէն չի լսեր. կը դարձնէ ալպոմին էջերը, կանգ կ’առնէ կրակարաններու նկարներուն էջին (մանղալ չե՞ն), ցոյց կու տայ անսովոր ձեւով հատ մը եւ կ’ըսէ.
– Կը տեսնէ՞ք այս մէկը. երկու օր առաջ ասկէ շա՜տ աւելի գեղեցիկ հատ մը ձեռքս անցաւ. երեսուն հազարի գնեցի:
– Գնեցի՞ր,- պարոն Ռուբէնին մեղմաձայն ու քաղցրախօս կինը՝ տիկին Մարին կը տագնապի:
– Այո,- չի նայիր իսկ կնոջ կողմը,- իսկ այս մէկը…
Տիկին Մարին տագնապով կը դառնայ աղջկան.
– Դուն լուր ունէի՞ր ասկէ:
– Ո՛չ:
– Դո՞ւն,- կը դառնայ տղուն:
– Ո՛չ:
Ծանր, անհամ լռութիւնը մեր շնչառութիւնը կը նեղէ: Բայց պարոն Ռուբէն եռանդով կը շարունակէ.
– Տեսէ՛ք այս դոյլերը, իրարմէ այնքա՜ն տարբեր. ամէն գաւառ ի՛րը ունէր, ասիկա Այնթապի դոյլն է, այս՝  Ուրֆայի …
Կնոջ դէմքը կը փակուի բարկութեա՞մբ թէ ձանձրոյթով. քանի՜ անգամ լսած ըլլալու է այս նոյն պատմութիւնները.
– Մէյ մը որ ձեր գիրքը հրատարակուի,- կ’ըսեմ եւ կը սպասեմ որ ծախելու մասին խօսք մը ըսէ. բայց պարոն Ռուբէն լուռ կը մնայ:
– Գիտեմ, ասոնք ծախելը եղունգները քաշել-հանելու պէս բան մըն է, չէ՞…
Դարձեալ լուռ կը մնայ: Ճարահատ նիւթը կը փոխեմ.
– Այն ատեն կ’անցնիք «Հալէպահայ թատրոնի պատմութիւն»-ը գրելու, չէ՞:
– Անկէ առաջ ուրիշ գործ մը ունիմ. չորս հարիւր էջ, «Պաղտասար աղբար»-ին նուիրուած, որ արդէն ընդունուած բան է Հայաստանի մէջ: Երբ Հախվերդեանց եկաւ, ըսի-պատմեցի իրեն: Մարդը մտիկ ըրա՜ւ, գլուխը շարժե՜ց, յետոյ ըսաւ՝  դու գիտե՞ս թէ ինչ ես անում. ի՞նչ, Պարոն Հախվերդեան. դու լեփ-լեցուն մի գաւաթ դեռ լցնում ես. ի՞նչ կայ որ, ըսի, շուրջը մոմ քաշէ,- դարձաւ իրեններուն,- տեսա՞ք թէ ի՜նչ մակագրութեամբ գիրք ստացայ,- եւ վերջին գիրքս, զոր մակագրեր էի իրեն,  կ’երկարէ տղուն:
– Նախ գիրքը տեսնեմ, յետոյ՝ մակագրութիւնը,- տղան միշտ en guarde, միշտ անգլիացիի պէս զուսպ,- հայրիկս ալ նման մակագրութիւններով կ’ուրախանայ. տուր տեսնեմ…,- եւ կը կարդայ՝ «Սիրելի պարոն Ռուբէնին, որ ո՛չ միայն մեր ժողովրդային մշակոյթին պահապաններէն մէկն է, այլ նաեւ Հալէպիս համ ու հոտ տուողներէն մին»:
– Անշո՛ւշտ կ’ուրախանայ, ի վերջոյ մակագրութիւն մը իր գործին ձեւով մը անցագիր տուող խօսք է…
Պարոն Ռուբէն, հաւանաբար իր գործին բերումով, շատ իրապաշտ մարդ է, շատ գործնական (- Երանի՜ տան հարցերուն մէջ իրապաշտ ու գործնական  ըլլար,- կը փսփսայ կինը): Երբ Եկաւեան գրադարանը անպաշտօն կերպով բացուեցաւ (բացումը այնքա՜ն պաշտօնական պիտի ըլլայ, որ բացման արարողութիւններուն ծրագրումը դեռ չէ վերջացած), պարոն Ռուբէն ի սրտէ ափսոսանք ապրեցաւ, որ այդ շքեղ գրադարանը մարդ չի մտներ-ելլեր (անշուշտ միակ պաշտօնեան «մարդ» չի համարուիր, չէ՞… քաւ լիցի, ըսել կ’ուզեմ՝ մտնող-ելլող մարդ …) եւ երկար-բարակ մտմտուքէ ետք, բան մը խորհեցաւ՝ շաբաթական հանդիպումներ կազմակերպել այնտեղ, մտաւորականներ հրաւիրել եւ կառոյցին իմաստ ու աշխոյժ ներարկել. մարդ հարցնէ՝ բայց պարոն Ռուբէն, քեզի ուրկէ՞ այսքան եռանդ եւ աշխոյժ…
Այս խնդիրը սակայն գլուխ չելաւ. իրաւ մտաւորականները ուզեցին որ իրենց «անձնական» հրաւէր հասնի, «անթէթաւոր» թուղթի վրայ, եւ որովհետեւ այդ թուղթերը դեռ պատրաստ չէին ու հրաւէրները ուշացան, այդ «իրաւ» մտաւորականները չգացին հաւաքներուն: Իսկ «ան-իրաւ» մտաւորականները, անիրաւ են, չէ՞…
Պարոն Ռուբէն, որ յուսահատութեան ի՛նչ ըլլալը չէ գիտցած ամբողջ կեանքին ընթացքին, այս անգամ ալ չյուսահատեցաւ. դարձաւ դէպի երիտասարդները, որոնց քով իրաւի-անիրաւի հարցեր դեռ չկան: Եւ հիմա իր ամբողջ եռանդը ի գործ դրած, երիտասարդ անդամներ կը հաւաքէ այդ շաբաթական հանդիպումներուն համար:
Ի՞նչ պիտի ընեն … դեռ չէ մտածած. բայց անպայման կ’ընեն, անպայման բա՛ն մը կ’ընեն. կարեւորը՝  երիտասարդներ են, անոնք են մեր ապագան…
«Տարիներու այս աշխատանքս հիացումի արդիւնք է,- կ’ըսէ պր. Պարսումեան,- հիացում հայերուն եւ անոնց աշխատանքներուն հանդէպ…»:
Այս վիզը տակը մնալիք հիացումն է արդէն զինք քանդողը.
– Ասոնք կ’առնէ կը ծախէ՞,- կը հարցնէ Պր. Պարսումեանին նոր ծանօթացած Հրակը:
– Չէ,- կ’ըսեմ,- չի ծախեր, միայն ինքզինք կը համոզէ, որ օր մը պիտի ծախէ: Իսկ տիկին Մարիին  համոզեր է, որ երբ գիրքը տպուի, բոլորը պիտի ծախէ, մէկ հատ իսկ պիտի չձգէ, «այն ատեն գնա՛ ուզածիդ պէս տունը մաքրէ՛», կ’ըսէ գանգատող տիկ. Մարիին:
Պր. Պարսումեան ընդհանրապէս չի խօսիր իր չորս հազար գիրքերուն մասին, որովհետեւ տարուած կ’ըլլայ իր պղնձեղէնով, եւ որքան տարուի, այնքան եռանդուն կը դառնայ խօսքը, այնքան կը բորբոքի յիշողութիւնը՝  անուններ, թուականներ, մէջ ընդ մէջ նաեւ «ես այսքան անուն հաւաքած եմ»,  «ես այնքան կնիք հաւաքած եմ», կ’ըսէ:
Պր. Պարսումեանին կիրքի համազօր այս սէրը տխուր երանգ մըն ալ ունի՝ սորվելու մարմաջը, կամ՝  այդ մարմաջին անկատար մնացած ըլլալու իրողութիւնը: Բայց այդ տխրութիւնը ինքնակեղեքումի չէ տարած, այլ ճիշդ հակառակը՝  աւելի եւ աւելի սորվելու, իր սիրած մասնագիտութեան մէջ աւելի եւ աւելի խորանալու մղած է զինք:
Բոլոր անոնք, եւ շեշտը «բոլոր»-ին վրայ, որոնք առաջին անգամ կը մտնեն պարոն Ռուբէնին տունը, վկայական առնելու պէս զոյգ մը մետալ կը ստանան, «որպէս յիշատակ»: Խորհրդային Հայաստանի թողարկած զանազան մետալներէն՝  Մայր Հայաստան, Շ. Ազնաւուր եւ այլն: Միշտ ալ ինծի համար հարց դարձած է, թէ պարոն Ռուբէն  որքա՞ն մեծ թիւ մը ունի այդ մետալներէն… որ կը նուիրէ՜ կը նուիրէ՜, բայց անոնք չեն վերջանար:
Պարոն Պարսումեան միտքիս մէջ անջնջելիօրէն կը մնայ որպէս վաւերական տիպար մը հալէպցիի՝ դժուար ճամբաներով հասած ու բարձրացած այնպիսի հանգրուանի մը, ուր քիչեր պիտի կարենային հասնիլ եւ ուր հասնելու համար պէտք է ունենալ պարոն Ռուբէնին անհատնում հիացումը ժողովրդային արուեստներուն, իր անկոտրում կամքն ու աշխատասիրութիւնը եւ անխախտելի հաւատքը իր գործին հանդէպ, ճիշդ խաչքար տաշողի մը նման, որուն գործը քար տաշելը չէ, այլ՝ խաչքար ստեղծելը:
Պարոն Ռուբէն արեւմտահայ պղնձագործութեան խաչքարագործն էր եւ կը շարունակէ մնալ,  նոյնիսկ յետ մահու:
Մարուշ Երամեան