Չորեքշաբթի, 31 Մայիսին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ հովուապետական այցելութեամբ Ժամանեց Գանատա, ընկերակցութեամբ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեանի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետ Գրիգոր Մահսէրէճեանի։

Մոնրէալի միջազգային օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի, Գերշ. Տ. Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի, հոգեւորականաց դասուն, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ բժիշկ Ժիրայր Պասմաճեանի, Կրօնական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամներուն, կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ եկեղեցիներու հոգաբարձական կազմերու կողմէ։

Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը սկիզբ առաւ Հինգշաբթի, 1 Յունիսին։ Միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասերէ կազմուած հայրապետական թափօրը, Հ.Մ.Ը.Մ. «Կամք» մասնաճիւղի շեփորախումբին եւ սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Արարողութեան ներկայ էին Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութիւնը, Թեմի եկեղեցիներու հոգաբարձութեան եւ գաղութէն ներս գործող կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար։

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայոց Հայրապետին օրհնութիւնը։

Ուրբաթ, 2 Յունիսի առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբին ու Մոնթրէալի գաղութէն ներս գործող զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, այցելեց «Արամ եւ Պերճուհի Մարգարեան» մանկամսուր, ՀՕՄ_ի Ծաղկոց, Սարաֆեան նախակրթարան եւ Բասդրմաճեան երկրորդական վարժարան։

Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէն Լոռի Ապրաքեան, վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին։

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Սուրբ Յակոբ Ազգային Վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտները. անոնց հետ եղաւ դասարանին թէ՛ բակին մէջ՝ յորդորելով հայերէն խօսիլ եւ հայօրէն ապրիլ։ «Հայ դպրոցը պարզ շէնք չէ։ Հայ դպրոցը ոգի է, մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոց է։ Մենք ա՛յս ոգիով կը սնանինք եւ կը շաղախուինք հայ դպրոցէն ներս, որպէսզի երբ մեծնանք՝ մեր ազգին ծառայենք։ Հայ Դպրոցը Հայրենիք, Եկեղեցի եւ Ընտանիք է», շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ այցելեց «Հորիզոն» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, ուր հիւրընկալուեցաւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի վարիչ-խմբագիր՝ Վահագն Գարագաշեանի եւ անձնակազմին կողմէ։

Յետմիջօրէին, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանն ու Ազգային Վարչութիւնը հանդիպում ունեցան ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Գանատահայ սփիւռքին ու զայն շրջապատող մարտահրաւէրներուն։

Երեկոյեան, միաբան ու քահանայ հայրերէ եւ դպրաց դասի անդամներէ կազմուած հայրապետական թափօրը, ՀՄԸՄ Լաւալի մասնաճիւղի շեփորախումբին ու սկաուտներու առաջնորդութեամբ հասաւ եկեղեցւոյ մուտքը։

«Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց Սուրբ Գէորգ Եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ Կանոնական Աղօթք։ Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան բարի գալուստ մաղթեց եւ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, իր օրհնաբեր այցելութեան համար։

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին, Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, Կրօնական ժողովին ու Ազգային Վարչութեան, գործակից միութիւններուն եւ Գանատահայ համայնքին։

Շաբաթ, 3 Յունիսին, նախագահութեամբ՝ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Լաւալի «Պոն Փասթէօր» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ ձեռամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։

Սուրբ Պատարագին հրաւիրուած էին օտար հոգեւորականներ։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան՝ Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան Մոնրէալի Պատւոյ Հիւպատոս՝ Պարոն Լեւոն Աֆէեանը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ողջունեց բոլոր հիւրերը, որոնք ներկայ գտնուած էին Սուրբ Պատարագին։ Ապա, հերթաբար հրաւիրեց օտար Հոգեւորականները, որպէսզի բարի գալուստի խօսքեր արտասանեն Վեհափառ Հայրապետին։

Նորին Սուրբ Օծութեան պատգամէն ետք, Հոգեւորականները բարձրացան Ս. Խորան եւ Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ կատարուեցաւ Միջ-Եկեղեցական Աղօթք։

Կիրակի, 4 Յունիսին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ՝ ի պատիւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։

Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կամաւոր աշխատեցան Ճաշկերոյթին յաջողութեան համար։ Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Նորին Սրբութեան, որ տարիներէ ի վեր նեցուկ կը կանգնի Սփիւռքի հզօրացման։ Սրբազանը նշեց, որ Հայրապետը, Սրբատառ Կոնդակով, անցնող երկու տարիները Սփիւռքի տարի հռչակեց. «Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Հայաստանը զօրաւոր կը մնայ։ Եթէ Սփիւռքը զօրաւոր է, Արցախը զօրաւոր կը մնայ», եզրակացուց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։

Ճաշկերոյթին նաեւ գնահատուեցան անոնք, որոնք երկար տարիներէ կը ծառայեն Մեծն Մոնրէալի համայնքին համար։ Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ «Կիլիկիան Իշխան»ի շքանշան ստացան՝ Շաքէ Կէօնճեան, Մանուկ Չուխաճեան, «Կիլիկիան Ասպետ»ի շքանշան ստացան՝ Ժան Մկրտիչեան, Վիգէն Սարգիսեան, Լեւոն Պէնկեան, Հերմինէ Մանուկեան, Յակոբ Լախոյեան, եւ «Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշան ստացան՝ Մհեր Գարագաշեան, Թորոս Պապիկեան եւ Տիգրանուհի Թորիկեան։

Նորին Սուրբ Օծութիւնը Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց բոլոր շքանշանակիրներուն՝ անոնց կատարած երկար ծառայութեան համար։ Գահակալ Հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Ինչ որ Անթիլիասի մէջ կը կատարուի, մեր գաղութներուն եւ համայնքներուն ծառայութիւնն է։ Փառք Աստուծոյ, որ գործակից բոլոր միութիւններու եւ հաստատութիւններու նպատակն ալ նոյնն է՝ ծառայել մեր գաղութներուն»։

Հովուապետը իր մտահոգութիւնը յայտնեց մեր գաղութներուն դիմագրաւող մարտահրաւէրներուն մասին. «Մեր հաստատութիւնները ինքնաքննութենէ անցնելով պէտք է իրականութեան յարմարին եւ ի հարկին փոփոխութիւն կատարեն», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։ Խօսքը ուղելով երիտասարդութեան, Նորին Ս. Օծութիւնը շեշտեց՝ «Մեր երիտասարդութիւնը միայն մեր ապագան չեն, այլ՝ մեր ներկան են»։ Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը միութեան կոչ ուղեց՝ մանաւանդ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի համար։

Ճաշկերոյթը իր աւարտին հասաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ։