15 Յունիսէն ի վեր՝ արդէն 7-րդ օրն է, որ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ արգելափակած է Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի (ՌԽԶ) եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի (ԿԽՄԿ) կողմէն Լաչինի միջանցքով իրականացուող բոլոր տեսակի մարդկային բեռները` ներառեալ պարէնի եւ դեղօրայքի մատակարարումները Արցախի Հանրապետութիւն՝ նոյնիսկ անիկա միտումնաւոր զրկելով Արցախի 120 հազար բնակչութիւնը՝ երեխաները, կիները եւ ծերերը, գոյատեւման նուազագոյն միջոցներէն։

Կ’ընդգծենք, որ Լաչինի միջանցքի ամբողջական եւ կամայական արգելափակումը, մասնաւորապէս, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի եւ ԿԽՄԿ-ի կողմէն Արցախի պաշարուած ժողովուրդին հիմնական կարիքներուն համար նախատեսուած մարդասիրական բեռներու փոխադրումին միտումնաւոր խոչընդոտելը, միջազգային իրաւունքով կը դիտարկուի որպէս պատերազմական յանցագործութիւն։ Ըստ էութեան, Ատրպէյճան 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները աղաղակող խախտումներէն եւ ՄԱԿ-ի միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող վճիռի լիակատար անտեսումէն անցած է պատերազմական յանցագործութիւն հանդիսացող գործողութիւններուն։

Յիշեցնենք, որ Լաչինի միջանցքը, որ նախատեսուած է Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, որով, մասնաւորապէս, կը սահմանուի Ռուսիոյ խողաղապահ զօրակազմի կողմէն միջանցքի բացառիկ վերահսկողութիւնը, անցած վեց ամիսներու ընթացքին գործած է Ատրպէյճանի կողմէն խիստ եւ կամայական սահմանափակումներով եւ օգտագործուած միայն ԿԽՄԿ-ի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ինքնաշարժներու անցումին համար։ 15 Յունիսին Հակարիի կամուրջին վրայ ատրպէյճանական դրօշին հետ առնչուած կանխամտածուած սադրանքէն վերջ Ատրպէյճան ամբողջութեամբ արգելափակած է միջանցքը՝ զրահամեքենաներու օգտագործումով։ Այսպիսով, միջանցքէն երկու ուղղութիւններով երթեւեկութիւնը արդէն փակ է նաեւ ԿԽՄԿ-ի եւ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչներուն համար, որոնք առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ կը մատարակարէին Արցախի Հանրապետութիւն։

Արցախի Հանրապետութեան լիակատար շրջափակումը եւ արտաքին աշխարհէն մեկուսացումը կը խորացնեն մարդկային ճգնաժամը եւ բարենպաստ հող կը նախապատրաստեն, որպէսզի մարդկութեան դէմ ուղղուած Ատրպէյճանի շարունակական յանցագործութիւնները վերաճեն ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը։ Ամբողջովին արգելափակելով Լաչինի միջանցքը, որ արցախցիներու կեանքի միակ ճանապարհն է, Ատրպէյճանը փաստացիօրէն նոր մակարդակի հասցուցած է Արցախի ցեղային զտումը եւ անոր ժողովուրդին ոչնչացման իր նպատակաուղղուած քաղաքականութիւնը։

Կասկածէ վեր է, որ Լաչինի միջանցքի նկատմամբ ապօրինի վերահսկողութիւն սահմանելու սկզբնական նպատակը եղած է անոր հետագայ արգելափակումը եւ շրջափակման օգտագործումը որպէս Արցախի ժողովուրդին դէն յարձակողական եւ ցեղասպան քաղաքականութիւն վարելու միջոց։ Ըստ էութեան, Լաչինի միջանցքը, որ ի սկզբանէ նախատեսուած էր արտաքին աշխարհի հետ Արցախի կապը ապահովելու համար եւ կը հանդիսանար անոր ժողովուրդի բնականոն կենսագործունէութեան երաշխիքներէն մէկը, Ատրպէյճանի կողմէն օգտագործուած է որպէս ռազմաքաղաքական գործիք՝ Արցախի Հանրապետութեան եւ անոր քաղաքացիներուն դէմ յարձակողական գործողութիւններ իրականացնելու համար:

120 հազար մարդոց՝ կիներուն, ծերերուն եւ երեխաներուն գիտակցաբար սովի մատնելը, անոնց ամէնօրեայ անտանելի տառապանքներ պատճառելը, ինչպէս նաեւ ուժի կամ ուժի սպառնալիքի միջոցով սեփական կամքը պարտադրելը միջազգային հանրութենէն կը պահանջեն ձեռնարկել հրատապ եւ արդիւնաւէտ հարկադրական բնոյթի միջոցներ՝ ուղղուած Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու զանգուածային խախտումները կանխելուն։

Խստօրէն կը պահանջենք, որպէսզի միջազգային հանրութեան բոլոր պատասխանատու անդամները ձեռնարկեն անհրաժեշտ հաւաքական եւ անհատական միջոցներ՝ դադրեցնելու Ատրպէյճանի կողմէն իրականացուող շարունակական միջազգային յանցագործութիւնները, ինչպէս նաեւ կանխելու Արցախի ժողովուրդը սպառնացող ցեղասպանութեան աղէտը: Ժամանակն է նաեւ, որպէսզի ԿԽՄԿ-ն եւ այլ համապատասխան միջազգային կառոյցները եւ իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները պատշաճ եւ համարժէք գնահատեն ստեղծուած իրավիճակը եւ յորդորեն Ատրպէյճանի իշխանութիւնները յարգելու Արցախի ժողովուրդին մարդասիրական օգնութեան և միջազգային պաշտպանութեան իրաւունքը։ Կ’ընդգծենք, որ անգործութիւնը եւ անտարբերութիւնը փաստացիօրէն կը խրախուսեն Ատրպէյճանի ցեղասպան գործողութիւնները։