Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ ընդունեց Աւստրալիոյ քրիստոնէական եկեղեցական պետերու պատուիրակութիւն մը, որ ընդգրկեց Հայ Կաթողիկէ, Հայ Ուղղափառ, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու եպիսկոպոսները։ նախագահ Ասատ պատուիրակութեան անդամներուն հետ խորհրդակցեցաւ Սուրիոյ քաղաքական եւ տնտեսական պատերազմին լոյսին տակ ստեղծուած ծանր պայմաններուն մէջ երկրին նեցուկ կանգնելու գծով Աւստրալիոյ եւ այլ երկիրներու արեւելեան եկեղեցիներու բարոյական դերակատարութեան շուրջ։

Նախագահը այնուհետեւ գնահատեց Աւստրալիոյ մէջ սուրիական համայնքին եւ այլ համայնքներու նկատմամբ դրական վերաբերմունքը, յատկապէս անոնց մէջ ընտանիքի, ինքնութեան եւ հայրենիքի պատկանելիութեան գիտակցութեան ամրապնդումն ու օտարութեան մէջ անգամ հայրենիքին աջակցելու խրախուսական մօտեցումը։

Իրենց կարգին պատուիրակութեան անդամները շեշտեցին, որ ճիգ չեն խնայեր սուրիացիներուն պարտադրուած պատժամիջոցները վերացնելու եւ պատերազմի հետեւանքները մեղմացնելու համար։ Անոնք յայտնեցին, որ Դամասկոս իրենց այցելութիւնը Սուրիոյ իրենց պատկանելիութեան արտայայտութիւնն է եւ սէրը Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ։