Սփիւռքահայ անուանի գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ, հասարակական գործիչ Պօղոս Սնապեանի տուն-թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին կազմակերպութեամբ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան բաժանմունքի նիստերու դահլիճին մէջ յունիս 27-ին տեղի ունեցաւ «Նամակներ Պօղոս Սնապեանին» գիրքին շնորհահանդէսը:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան: Ան ներկայացուց Պօղոս Սնապեանի` իբրեւ մեծ մտաւորականի, գրական-հասարակական գործունէութեան կարեւորութիւնն ու դերը հայ իրականութեան մէջ: «Պօղոս Սնապեան այն քիչ մտաւորականներէն էր, որ իր կեանքով փաստեց իր հաւատարմութիւնը գրական ու մշակութային այն բարձր արժէքներուն նկատմամբ, որոնք կը բանաձեւեն հոգեւոր հայրենիքի տեսլականը», նշեց Ռ. Առաքելեան:

Շնորհահանդէսին օրհնութեան խօսք արտասանեց Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս Դանիէլեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ խօսքեր արտասանեցին Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Արեւիկ Գաբրիէլեանը եւ Արտաշէս Շահպազեանը:

Շնորհահանդէսը յագեցած էր գնահատանքի ջերմ ու անկեղծ խօսքերով` ներկաներուն համար նորովի բացայայտելով Պօղոս Սնապեանի ձգած գրական ժառանգութիւնը, անոր մարդկային կերպարն ու պատգամները:

Հաղորդենք, որ շնորհահանդէսի բանախօսներն էին գրականագէտներ Արծրուն Աւագեանը, Սերժ Սրապիոնեանը, Դաւիթ Գասպարեանը, Հայաստանի գրողներու միութեան քարտուղար Պետրոս Տէմիրճեանը եւ հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանը:

Պետրոս Տէմիրճեան ընթերցեց Պօղոս Սնապեանի նամակը, որ տարիներ առաջ գրողը յղած էր իրեն:

Աւարտին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին ու ներկաներուն հետ յուշերով կիսուեցան Պօղոս Սնապեանի դուստրը` Թամար Սնապեան-Սուրճեանը եւ թոռնուհին` Նարօտ Սուրճեանը: