Այսօրուընէ ընթերցողին կը ներկայացուի «Դրօշակի» 2023_ի ․Յուլիսի թիւը։ Հրապարակուող նիւթերու ցանկը կը գերակշռէ Հայաստան-Արցախի նիւթը՝ տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական գործընթացներու խորապատկերին վրայ։

Լուսինէ Մխիթարեան քննութեան կ’ենթարկէ «Սիւնիքը Աշխարհաքաղաքական Հետաքրքրութիւններու կիզակէտին մէջ» հիմնահարցը, մասնաւորապէս անդրադառնալով, այսպէս կոչուած, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին՝ թուրք-ատրպէյճանական տանդեմի համար։ Հեղինակը փաստերու շարադրումով կը բացայայտէ Սիւնիք ներթափանցելու ճամբով Հայաստանի մէջ շօշափելի լծակներ ձեռք բերելու թշնամի պետութիւններու նախագիծերը։

Սարգիս Սարգսեան կը քննէ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն նկատմամբ Ռուսաստանի մէջ ձեւաւորուող նոր քաղաքականութեան հարցը եւ այդ ծիրին մէջ Հայաստան-Ռուսիա փոխյարաբերութիւններու, ինչպէս եւ Արցախի հարցին նկատմամբ Ռուսիոյ ներկայ քաղաքականութեան առանձնայատկութիւնները։

Արցախէն Տաթեւիկ Աղաճանեան կը ներկայացնէ հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ ներկայիս ստեղծուած տագնապալի ընկերային-տնտեսական վիճակը, արցախահայութեան դիմագրաւած ներքին ու արտաքին քաղաքական մարտահրաւէրները։

Պատմաբան Արարատ Յակոբեան կ’անդրադառնայ 19-րդ դարու հայ հասարակական-քաղաքական միտքի նշանաւոր ներկայացուցիչ Ստեփանոս Նազարեանցի կողմէն իր խմբագրած «Հիւսիսափայլ» թերթին մէջ արծարծուած քաղաքական թէ՞ կրօնական անկախութիւն երկընտրանքային հարցին։

Աւօ Գաթրճեան այս անգամ կը ներկայացնէ դարասկիզբի ազգային-յեղափոխական պայքարի գործիչի, «Նեմեսիս» գործողութեան ամենախորհրդաւոր անդամի՝ Հրաչ Փափազեանին ապրած ազգանուէր ու վաստակաշատ կեանքին։ Հայաստանի մ՝ջ քիչ ծանօթ այս անունը արժանի է համընդհանուր ճանաչման եւ յարգանքի։ Աւօ Գաթրճեանին այս յօդուածը յուսանք պիտի նպաստէ այդ ճանաչման։ «Դրօշակի» սոյն թուականի 8-րդ համարին մէջ ներկայացուած են հետաքրքրական այլ յօդուածներ եւս։