Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ բախումը քիւրտերու եւ արաբ աշիրէթներու միջեւ մէկ կողմէ քրտական գործօնը առանձնացնելու ամերիկեան ճիգերուն մասին կը խօսի, արաբ աշիրէթները դուրս ձգելու շրջանին վերահսկողութեան դաշտէն, միւս կողմէ կ’ընդգծէ Տէր Զօրի շրջանին մէջ արաբ բնակչութեան մեծ համեմատութիւնը, հետեւաբար ալ շրջանը զուտ քրտական գօտի դարձնելու ամերիկեան փորձերուն դէմ նոր ուժի մը ձեւաւորումը:
Միւս կողմէ Սուէյտայի մէջ տնտեսական ներկայ վիճակին շուրջ բողոքի խաղաղ ցոյցեր գլուխ կը ցցեն, Հալէպի արուարձաններուն մէջ թրքական ուժեր թիրախ կը դարձնեն քիւրտերը, իսկ սուրիական բանակը թիրախ կը դարձնէ Թալ Ռըֆաաթի ահաբեկչական խմբաւորումները:
Անդին Սուրիոյ տնտեսական պայմանները կը ծանրանան, սղաճն ու սուրիական լիրային արժեզրկումը անել կացութեան կը մատնեն ժողովուրդը: Մարդիկ իրենց կենսական կարիքները ապահովելու դժուարութիւն ունին այս փուլին, մանաւանդ որ դաժան ձմեռը կը մօտենայ, իսկ վառելանիւթի, յատկապէս սննդամթերքի գիները անտրամաբանական ոստում կ’արձանագրեն:
Կը թուի, թէ աշխարհաքաղաքական զարգացումները իրենց ազդեցութիւնը կը թողուն սուրիական ճակատին վրայ եւս: Արաբական աշխարհին բացուելու Սուրիոյ ճիգերը ձախողութեան մատնելու եւ Սուրիոյ քարիւղի հանքերէն եւ հիւսիսային շրջանի ցորենի եւ այլ հարստութիւններէն օգտուելու եւ Սուրիան մասնատելու մրցավազքը կը շարունակուի, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք վերջերս, «ալ-Մայատին» կայանի տուեալներուն համաձայն, Միջերկրականի սուրիական բաժինին մէջ յայտնաբերուած քարիւղի նոր հորերը:
Սուրիա իր կարգին կը ջանայ նոր օրէնքներով, հրամանագիրներով գէթ տնտեսական տագնապի մեղմացման նպաստել, միւս կողմէ կը շարունակէ իր դիւանագիտական ճիգերու շեշտադրումը՝ արաբական աշխարհին հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
Այս բոլորին կողքին, Սուրիա-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման ոչ մէկ քայլ կ’ակնկալուի այս փուլին, որովհետեւ Թուրքիա կը շարունակէ բռնագրաւուած պահել սուրիական տարածքներ, հետեւաբար ալ սուրիական կողմին պայմանները չյարգել: Այս ընթացքով սուրիական կողմը, նոյնիսկ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, պիտի չընդունի յարաբերութիւններու վերսկսման որեւէ փորձ, որովհետեւ կտրականապէս կը մերժէ թրքական ուժերու ապօրինի ներկայութիւնը եւ աներկբայօրէն կը պահանջէ այդ ուժերուն Սուրիայէն դուրս գալը:
Սուրիոյ յառաջիկայ շրջանին վարած քաղաքականութենէն եւ դաշնակիցներու հետ համաձայնութիւններէն շատ բան կախեալ է պարզելու, թէ սուրիական տագնապը լուծման ափ հասցնելու ճիգերը պիտի արդիւնաւորուի՞ն, թէ սրման նոր փուլ թեւակոխեն: