2 Սեպտեմբեր 1991-ին հռչակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:

ԼՂՀ անկախութեան հռչակագիրը ամրագրուած էր Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան կամքով՝ 10 Դեկտեմբեր 1991-ի հանրաքուէով:
Արցախը այնուհետեւ թեւակոխեց պետականաշինութեան փուլ:

Հանրաքուէն օրինական էր քանի մը առումներով, նախ այն պատճառով, որ հանրաքուէի որոշումը կը հիմնուէր 3 Ապրիլ 1990-ի ԽՍՀՄ Գերագոյն Խորհուրդի «ԽՍՀՄ կազմէն միութենական հանրապետութիւններու դուրս գալու կարգին» մասին օրէնքին վրայ: Այդ օրէնքին առանցքը ԽՍՀՄ կազմէն հանրաքուէով դուրս գալու գաղափարն էր: Օրէնքի երրորդ յօդուածին մէջ կը յիշուէր նաեւ ինքնավար մարզերու մէջ առանձին հանրաքուէ իրականացնելու կարելիութիւնը եւ սեփական պետական-իրաւական կարգավիճակի սահմանումին հարցը:

Հանրաքուէն օրինական էր նաեւ որովհետեւ կ’արտայայտէր Արցախի բնակչութեան հայ մեծամասնութեան պահանջը, ինչ որ միջազգայնօրէն ամրագրուած ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին արտայայտութիւնն էր:

Այս իրաւական հիմքերը նկատի ունենալով, Ատրպէյճան 44-օրեայ պատերազմին, բռնագրաւելէ ետք Արցախի Հանրապետութեան տարածքին նկատառելի տոկոսը, ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Արցախի բնակչութիւնը տեղահան ընելու, որպէսզի հանրաքուէն ու անկախութեան հռչակագիրը կորսնցնեն իրենց իրաւական հիմքերը, իսկ Ատրպէյճան հետագային կարելիութիւն ունենայ Արցախի ժողովրդագրական պատկերը փոխելով իմաստազրկելու անկախութեան հռչակագիրը: Զարմանալի թող չթուի նաեւ Արցախը ազերիներով եւ այլ ազգի բնակիչներով լեցնելու Ատըրպէյճանի հեռանկարը:

Ատրպէյճան քաջատեղեակ է, որ Արցախի Հանրապետութիւնը ունի իրաւական հիմքեր, հիմնուած է ինքնորոշման իրաւունքի միջազգային օրէնքին վրայ: Այս պատճառով է որ շրջափակման, առեւանգումներու, կենցաղային ծանր պայմաններու եւ վախի մթնոլորտ կը ջանայ ստեղծել՝ հայ բնակչութենէն դատարկելու Արցախը, աւելին.Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբան բանալով՝ Ատրպէյճանի ճիրաններուն մէջ առնելու ազատ Արցախը:
Արցախին տիրութիւն ընելու հիմնական միջոցը անոր բնակչութեան հայրենի հողին վրայ գոյատեւելու հիմքերը ամրապընդելն ու անվտանգութեան երաշխիքները Արցախի պաշտպանութեան բանակի հզօրացումով վերահաստատելն է:

Ինչ խօսք, որ կարելի է Ատրպէյճանի անմարդկային վարքագիծը ծառայեցնել «անկախութիւն յանուն փրկութեան» նպատակին ու Արցախի միջազգային ճանաչման աշխատանքին նոր թափ ու երանգ տալ:

2 Սեպտեմբեր 1991-ին Արցախի անկախութեան հռչակումը եւ անոր յաջորդող պետականաշինութեան հսկայ աշխատանքը մեկնակէտները պիտի մնան Արցախի պայքարին:

Ցաւօք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալու քայլը ծառայեց Ատրպէյճանի նկրտումներու իրականացման, ոչ թէ խաղաղութեան հաստատման:
Արցախի անկախութեան եւ պետականաշինութեան ուղիէն շեղիլը արեամբ ու քաղաքական պայքարով ձեռքբերուած նուաճումները ոտնակոխ դարձնել կը նշանակէ պարզապէս:

Արցախի ժողովուրդը պայքարելու իր վճռակամութիւնը չէ կորսնցուցած: Ազգովին պարտաւոր ենք մեր բոլոր լծակներով սատար կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին ու պետականութեան՝ ձախողութեան մատնելու Ատրպէյճանի դաւադրական բոլոր ճիգերը: