2023-2024 ուսումնական տարեշրջանի վերամուտը ընթացք առաւ: Սուրիոյ գրեթէ բոլոր վարժարանները սկսան կանոնաւոր դասաւանդութիւն կիրարկել՝ հակառակ երկրի տնտեսական ծանր եւ ապահովական յեղյեղուկ պայմաններուն:
Այս պայմաններու յաղթահարման մեծապէս կը նպաստեն նաեւ հայկական վարժարանները, որովհետեւ այդ վարժարաններէն ներս հայ աշակերտը յատուկ ուշադրութեան ու խնամքի կ’արժանանայ, այդպէս եղած է սուրիահայ դպրոցներու հիմնադրութեան առաջին օրերէն, այդպէս է նաեւ այսօր:
Մեր աշակերտները եռանդով կը սկսին յաճախել հայկական վարժարաններ, որովհետեւ այնտեղ ուսման կողքին կը սորվին հայոց լեզու եւ գրականութիւն, կ’առնչուին իրենց արմատներուն ու ընկերային ջերմ մթնոլորտի մէջ հասակ կ’առնեն՝ հասու դառնալով մեր աւանդոյթներուն, մշակոյթին ու դպրութեան:
Մեր դպրոցները ունին նաեւ իրենց իւրայատուկ մթնոլորտը, որովհետեւ ունին պատմութիւն, անոնց երդիքին տակ հասակ առած են Եղեռնէն ետք Հալէպ հաստատուած հայ սերունդներն ու անոնց շառաւիղները: Մեր դպրոցները եղած են սուրիահայ համայնքին անհատնում աւիշը ու հայ համայնքին գոյատեւման գլխաւոր երաշխիքը:
Իւրաքանչիւր դպրոց ունեցած է իր հայեցի բոյրն ու մթնոլորտը: Այդ մթնոլորտը պահպանուած է ոչ միայն կառոյցի պատերուն ներքեւ, այլեւ կառոյցէն դուրս, տարածքին մէջ, շրջանին մէջ… ու շրջանը եղած է հայատրոփ միջավայր:
Հայերէն երգերուն, արտասանութիւններուն, հայախօս մեր աշակերտներուն ձայնը, կանչը, նոյնիսկ դպրոցէն արձակման ընթացքին ստեղծած աղմուկը շրջանին յատուկ երանգ ու դիմագիծ հաղորդած են: Աւելին. հայկական դպրոցին շուրջբոլորը դարձուցած են ապահով տարածք մը: Այս դերակատարութիւնը ունեցած են նաեւ միեւնոյն տարածքին մէջ գտնուող եկեղեցին, ակումբը, ընտանեկան հաւաքավայրերը, որոնք իրարու յենելով անառիկ ամրոցի վերածած են շրջանը:
Հետեւաբար շատ բնական է որ համայնքի զաւակները ամէն գնով պահպանել կը փորձեն մինչեւ օրս եռուն մնացած հայաբնակ ու հայկական դըպրոցով, եկեղեցիով եւ ակումբով օժտուած թաղամասերուն հայկական դիմագիծը:
Ու թէեւ համայնքին թիւը նօսրացած է, սակայն համայնքը ինքզինք ուժեղ կը զգայ նման ամրոցներով ու անոնց ներշնչած ապահովութեան զգացումով:
Ամրոցներ կը կոչենք նման կառոյցներ, որովհետեւ անոնք բազում զոհողութիւններու գնով մէջտեղ եկած են ու իրենց յուշամատեաններուն մէջ արձանագրել տուած պատմութիւնը համայնքի մը, որ դպրոց, եկեղեցի, ակումբ ու ազգային համալիրներ կողք-կողքի կառուցելով գոյատեւման իր երաշխիքները ամրագրած ու դիմադրութեան կամքը զօրացուցած է պատմական հայրենիքէն պոկուած ըլլալով մէկտեղ:
Վերամուտին առիթով ողջունելի է ազգային վարժարաններու ուսումնական տարին անվճար յայտարարելու պատասխանատու մարմիններուն քայլը, միեւնոյն ատեն գօտեպնդող է հայկական վարժարաններու տարածքներուն հայեցի մթնոլորտը, այլեւ դիմագիծը յամառօրէն պահպանելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն վճռակամութիւնը:
Տնտեսական պայմանները մեզ կը թելադրեն ըլլալ ճկուն ու որոնել միջոցներ շահարկելու անօգտագործելի մեր կալուածները ու անով իսկ մասամբ մեղմացնելու համայնքի զաւակներուն տնտեսական ծանր բեռը, սակայն կարծիքներու փոխանակումով եւ կարելին ու յարմարագոյնը ի գործ դնելու յանձնառութեամբ կը հաւատանք, որ հայկական մեր ամրոցները անառիկ պահելու մեր հաւաքական ճիգը երբեք տեղի պիտի չտայ շնորհիւ մեր բոլորին զգօնութեան: Ու հայկական շրջաններու մեծ զոհողութիւններով պահպանուած դիմագիծը պիտի չխաթարուի:
Կարելի է շահարկումի յանձնել անօգտագործելի կալուածներ, առանց վտանգելու հայկական բոյրով օժտուած մեր թաղամասերու իւրայատկութիւնը, նման տարածքներու կալուածները միայն համայնքի զաւակներուն ծառայեցնելով: