Այսօր, 9 Սեպտեմբերին՝ տեղւոյն ժամը 11-էն, սկիզբ առած է ԱՀ Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստը՝ Արցախի Հանրապետութեան (ԱՀ) նախագահ ընտրելու հարցով։

ԱՀ Ազգային Ժողովի 5 խմբակցութիւններէն 4-ին՝ «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Արդարութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւններու կողմէն ԱՀ նախագահի պաշտօնին առաջադրուած է գործող պետական նախարար Սամուէլ Շահրամանեանի թեկնածութիւնը։

Նիստի սկիզբը «Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» եւ «Արցախի Ժողովրդավարական Կուսակցութիւն» խմբակցութիւնները հանդէս եկած են առաջադրուած թեկնածուին ներկայացնող ելոյթներով, պատասխանած են պատգամաւորներու հարցումներուն։

ԱՀ նախագահի թեկնածու Սամուէլ Շահրամանեան ԱՀ Ազգային Ժողովին ներկայացուցած է Արցախի ապագային մասին իր տեսլականն ու ծրագրային դրոյթները եւ պատասխանած է հարցումներուն։

Միտքերու փոխանակումի ընթացքին ելոյթ ունեցած է «Միասնական Հայրենիք» խմբակցութեան ղեկավար Մարսէլ Պետրոսեան, որ յայտարարած է, որ խմբակցութիւնը պիտի չմասնակցի ԱՀ Նախագահի ընտրութիւններուն։

Սամուէլ Շահրամանեանի եզրափակիչ ելոյթէն վերջ հաշուիչ յանձնախումբի ղեկավար Եդուարտ Աղաբեկեան պատգամաւորներուն ներկայացուցած է ընտրութիւններուն կարգը, որմէ ետք տեղի ունեցած է պատգամաւորներու գաղտնի քուէարկութիւնը։

Քուէարկութեան մասնակցած է 23 պատգամաւոր, որոնցմէ 22-ը քուարկած է կողմ, իսկ 1-ը՝ դէմ։

Քուէարկութեան արդիւնքով ԱՀ Ազգային Ժողովը Սամուէլ Շահրամանեանը ընտրած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահ։