Առաջին մեկնումիս, բնականաբար,
քաղաքը չէր միայն,
որ զիս կը շահագրգռէր,
հոն էին բոլորը, որոնք քաղաքն էին:
Հոն էր Յովհաննէսը, իր բանաստեղծութեամբ,
երգիծանքով եւ սրամտութեամբ.
ինչ որ հեգնական ժպիտ կար դէմքին
այդ համատարած անհեթեթին դէմ:
Հրանդը ազնուական, տէրը արձակի,
որ Ռազմիկին հետ եկած Ամերիկա,
հետաքրքրուած չէր արտաքին աշխարհով,
կը փորձէր իրաւ Սփիւռքը ճանչնալ:
Աղասին իւրօրինակ, որ այդ տաքին,
հագին ռոպ տը շամպր միայն,
քեզի սառն ձմերուկ կը հրամցնէր
եւ թերեւս միակ լաւատես կերպարն էր
այդ համատարած ճնշուածութեան մէջ:
Մարտիրոսեանը Արմէն,
որ չես գիտեր՝ ե՞րբ արթուն էր, երբ կէս-գինով,
Զօրայրը հրաշալի, որուն հետ կարծես
կը շարունակուի զրոյցը
Արցախի, «Մեռնող-Յառնող»ի, «Միջնաշէն»ի մասին,
դեռ Յակոբը Յակոբեան,
որ չէր յոգներ պաստառները ցոյց տալէ,
եւ գեղեցիկ, առանձին մարդոց
մեր բնաշխարհը, պարզ գոյներով խտացուցած էր:
Յակոբին, Հրանտին ու Զօրայրին պէս,
Ռուբէնին եւս, դուն անձնապէս
Մոնթրէալի քու տանդ մէջ հանդիպած,
հիւրասիրած, մտերմացած,
եւ զրուցած էիր «Ամենատաք երկիր»էն,
«Որդան կարմիր»էն …
Իսկ Գարեգին վեհափառը,
արտասահմանեան իր հովուական այցելութեան,
պնդած էր որ Հայաստան մեկնումիդ
իրեն հանդիպիս.
ուխտաւորի պէս գացիր Էջմիածին՝
ինքը չկար, շիրիմը կար:
Եւ իսկապէս շատ չեմ ուզեր խոր պրպտել,
ո՞վ յիշեցի եւ ո՞վ մոռցայ:
Բախտաւոր էի, որ կրցած էի Երեւանէն դուրս,
կտրել Ջաւախքէն մինչեւ Կիւմրի եւ Զանգեզուր,
աշխարհը Արցախ:
Ինչպէ՞ս երթալ հոն,
ուր այս սիրելի անձերն ինձ համար,
այլեւս չկան,
մասնաւորաբա՛ր, արիւնով շահուած,
լոյս Շուշին չկայ:
Յարութիւն Պէրպէրեան