«Այդ օրուան տեսքդ՝ հագուածքդ եւ սանրուածքդ այնքան գեղեցիկ էին, որ անմիջապէս գրաւեցին զիս», կ’ըսէ ամուսինը իր նորահարսին:
«Իսկ եթէ այլ բան հագած ըլլայի, պիտի չհաւնէի՞ր զիս եւ պիտի չամուսնանայի՞ր հետս», կը մտածէ կինը, բայց լուռ կը մնայ:
Ընտրութիւն կատարելը, ամէնէն մակերեսային հարցերէն, մինչեւ կեանքի էական հարցերուն եւ անկիւնադարձային պահերուն մէջ, մարդուն ամէնէն հիմնական ազատութիւններէն մէկն է կը կարծեմ: Պահ մը երբ կը մտածենք արեւելքի մէջ աղջիկներուն վրայ գործադրուած «բռնութեան» մասին, որ յաճախ այս անունին տակ իսկ չ’իյնար – ուսանելու ազատութենէն մինչեւ աշխատանքի եւ կողակից մը ընտրելու ազատութիւնը – պիտի տեսնենք, թէ իրապէ՛ս որքան բռնութիւն կայ արեւելքի կիներուն վրայ: Ամէնէն ազատամիտ համարուած երկիրներէն մէկուն մէջ իսկ, որ մեր հայրենիքն է, իգական սեռը չունի այն ազատութիւնը, որ կը վայելեն արեւմուտքի կիները:
Ժամանակակից կեանքը, իր շատ արագ զարգացող գիտութեամբ, մանաւանդ համակարգչային ոլորտէն ներս, ներթափանցած է մեր առօրեայէն եւ սկսած է ինքզինք պարտադրել, բան մը, որուն այնքան ալ չենք անդրադառնար: Ասիկա ի յայտ կու գայ Արուեստական Իմացութեան (Artificial Intelligence) մէջ, երբ մեր ընտրութիւնները ԱԻ-ը ի՛նք կը կատարէ, որուն համար ալ ալկորիթմեր կ’օգտագործէ:
Կար ժամանակ, երբ ԱԻ-ի աշխատանքը մեր ծնողքը կը կատարէր, ընդհանրապէս արգելքներ դնելով:
Արդէն պատանի էինք. ընկերուհիներս սկսեր էին հաւաքներու երթալ, փարթիներու, որոնք խորքին մէջ այնքան ալ փարթի չէին կը կարծեմ, որքան հաւաքուիլ, ազատօրէն զրուցել  ու երբեմն նաեւ ծխել: Ինծի արգիլուած էր երթալ, բայց ես, ամէն առիթի կրկին ու կրկին երթալու արտօնութիւն կը խնդրէի մօրմէս, մինչեւ որ օր մը, իրապէ՛ս շատ նեղուած, ըսի.
– Ինչո՞ւ չես ուզեր որ երթամ:
– Չեմ ուզեր որ երթաս եւ փոսը իյնաս:
Այդ պահուն չմտածեցի թէ ի՞նչ փոսերու մասին  կը խօսէր, այլ շատ արագ պատասխանեցի.
– Ձգէ՛ որ երթամ, փոսը իյնամ, որ յետոյ փոսէն ելլելը սորվիմ:
Ուրկէ՞ եկան ինծի այս տրամաբանութիւնն ու քաջութիւնը, չեմ գիտեր. հիմա է որ կը մտածեմ եւ կը զարմանամ: Անշուշտ ա՛յդ օրն ալ արգիլուեցաւ ինծի երթալը:
Արդեօ՞ք այսօր համակարգիչներուն մեր փոխարէն որոշումներ կայացնելը կ’օգնէ մեզի, որ մեր կեանքը աւելի լաւ ապրինք:
Անշուշտ համակարգիչներու տիրապետութիւնը մեր վրայ կ’ընթանայ թաքուն ուղիներով, որոնց գոյութիւնը կ’անգիտանանք. օրինակ՝ գիտե՞նք թէ ինչպէս ընկերային ցանցերը ցանցեր են մեր օրը, մեր ժամերը եւ մեզ մատներ անկարողութեան, այնքան, որ երբեմն մէկն ու մէկը ընկերային ցանցերու մեր բարեկամներէն կը յայտարարէ, թէ ինք ա՛լ դուրս պիտի գայ այս տարածքէն եւ կը թելադրէ որ չմտահոգուինք իր մասին: Բայց մեզմէ քանի՞ն կրնայ նման «յանդուգն» քայլ առնել …
Ասիկա՝ ընկերային ցանցերու տիրապետումը մեր վրայ, առաջին քայլն է, որուն դիւրաւ կը հետեւի մնացեալը, ամէնէն պարզ ծանուցումներէն, մինչեւ մեր առնելիք որոշումները:
Արեւմտեան երկիրներու  մէջ ապրողներն իսկ, որոնք ծանօթ են այս տեսակի «տիրապետութեան», չեն ընդունիր – հաւանաբար անգիտութեան արդիւնք որպէս – թէ այսօրուան մամուլը կամ զանգուածային լրատուութեան միջոցները նոր տեսակի զէնքեր են, որոնք ուղղուած են հանրային կարծիքին, որ, իր կարգին կը շարժէ ամբոխները:
Շատ լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս դուրսերէն ծանօթ-բարեկամներ կը հեռաձայնէին, Սուրիոյ պատերազմին սկիզբը եւ կը պատմէին պետութեան խժդժութիւններէն, ստիպելով որ ընդունինք բոլոր ըսուածները որպէս բացարձակ ճշմարտութիւն, մինչ ճշմարտութիւնը ամբողջովին այլ դէմք ունէր:
Նոյնն է պարագան այսօր, երբ Ատրպէյճան ծայրագոյն կերպով կ’օգտագործէ լրատուական զէնքերը, համոզելու համար աշխարհին, թէ «տեսէ՛ք, ինչե՜ր կ’ընեն Հայաստանի զինուորները, բանակը, մեր նման խաղաղասէր երկրի մը դէմ»: Աշխարհը կը համոզուի թէ ոչ, այդ չէ հարցը, այլ այն՝ որ ո՛չ մէկ քայլ կ’առնուի խաղաղութեան համար:
«Թուային թեքնոլոճին շատ դիւրաւ կրնայ նժարը ծանրացնել դէպի միապետական դրութիւն», կ’ըսէ Կէրտ Կիկըրէնծըր, վարքային հոգեբանը (behavioral psychologist):
Ի՞ՆՉ Կ’ԸՆԵՆՔ, ԵՐԲ …
Ի՞նչ կ’ընենք, երբ մենք մեզ գտնենք հարցերու առջեւ, առօրեայի մեր անհատական հարցերուն առջեւ, որոնք կրնան ըլլալ մանր, աննշան, արագ լուծուելիք հարցեր, կամ կրնան ըլլալ բաւական ծանր հարցեր, որոնց լուծումին մէջ ուրիշներու՝ հարազատներու եւ մտերիմներու կարիքը ունինք:
Կ’երեւի նախ կը մտմտանք, մեր ուղեղին մէջ այդ հարցին տարբեր լուծումներ կը փնտռենք, այդ լուծումները կը կշռենք լաւագոյնը ընտրելու համար ու երբ գտնենք լաւագոյն լուծումը, անոր համեմատ կը սկսինք աշխատիլ հարցը լուծելու համար:
Տղամարդիկ ընդհանրապէս առանձին կը տանին այս աշխատանքը, հազուադէպ պարագաներու իրենց կողակիցին հետ խօսելով, այն ալ ոչ թէ կարծիք առնելու, այլ պարզապէս բարձրաձայն մտածելու համար:
Կիները հարցին լուծումը ետեւէն կը սկսին, այսինքն՝ բարձրաձայն մտածելով, եւ կը մտածեն ամէնէն առաջ իրենց… դրացուհիին հետ: Եթէ հարցը նուրբ է, բարձրաձայն կը մտածեն իրենց քրոջ կամ ընկերուհիին հետ, անշուշտ վերջաւորութեան իրե՛նց յարմար դատածը ընելու համար: Ամուսինին հետ չե՛ն մտածեր. կը պատմեն, կը վիճին, կը լռեն …
Բայց ի՞նչ ընել երկրին պարագային, ի՞նչ  եւ ինչպէ՞ս մտածել հայրենիքին հարցերը լուծելու համար, մանաւանդ երբ հեռու ես անկէ եւ ինքզինքդ շատ անկարող կը զգաս: Բայց ձեռնածալ մնալ ալ չես կրնար: Ի՞նչ ընել. ինչպէ՞ս ընել:
Երեւանի մէջ ընտրութիւններ էին. ո՞վ ընտրել. ինչպէ՞ս ընտրել. ընտրողները իրենց լրիւ գիտակցութեամբ եւ կամքո՞վ է որ ընտրած են իրենց թեկնածուն, թէ՞ ազդուած են ըսուած խօսքերէն եւ տրուած խոստումներէն, առանց երեւոյթին խորքը տեսնելու …
Կ’ըսեն թէ մեր կեանքը տնօրինուած է ըստ իւրաքանչիւրիս ճակատագրին: Այլ ուղղութիւն մը կ’ըսէ՝ մեր ճակատագիրը մենք մե՛ր ձեռքով կ’ընտրենք, կամ կը գրենք:
Այս երկու հակոտնեայ ուղղութիւններուն կը հաւատանք թէ ոչ, այդ չէ հարցը, այլ այն, որ մի՛շտ ընտրութիւն կատարելու հարկադրանքին տակ ենք, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլանք՝ խաղաղութեան, պատերազմի թէ աղէտներու:
Մնա՞լ թէ երթալ, դիմադրե՞լ թէ յանձնուիլ …
Այնպէս կ’երեւի, թէ ա՛յս ալ մաս կը կազմէ մեր ծիներուն՝ մեր դիմադրութիւնը մեզի պարտադրուած պայմաններուն, որոնց համաձայն չենք, ինչպէս օրինակ Արցախի խաղաղ բնակչութեան պարտադրուածն ու ժողովուրդին մնալու, դիմադրելու ընտրութիւնը:
Ըստ այդ ընտրութեան կը տնօրինուի մեր գալիք կեանքը: Յուսանք որ մեր ընտրութիւնները ամբողջական գիտակցութեամբ կը կատարենք: Մանաւանդ՝ երբ այլ ելք չունինք:
Մարուշ Երամեան