Շաբաթներ առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը յայտարարեց՝ «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» խորագրով ուսումնասիրութիւններու մրցանք ծրագիրի մեկնարկը, որ նպատակ ունի համախմբել հայ ուսանողութիւնը Արցախի հիմնահարցին շուրջ: Սոյն մրցանքը նախաձեռնուած է՝ նկատի ունենալով Արցախի դիմագրաւած ճակատագրական ժամանակաշրջանը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի շուրջ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական սուր պայքարը եւ հայ ուսանողութեան մասնագիտական ներուժը Հայ Դատին եւ մասնաւորաբար Արցախին ծառայեցնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ծրագրին հիմնական նպատակն է մէկտեղել հայ ուսանողութեան կարողութիւնը՝ քաղաքական, տնտեսական, ընկերաբանական, իրաւագիտական, մշակոյթի եւ հետաքքնողական լրագրութեան բնագաւառներուն մէջ եւ զայն տրամադրելի դարձնել հայանպաստ գործունէութիւն ծաւալող ազդեցիկ հիմնարկներու արդիւնաւէտ օգտագործման համար: Այսինքն՝ ուղղել կուտակուած ներուժը դէպի հայանպաստ աշխատանք: 2020 թ. Արցախեան երկրորդ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ 20-րդ դարու զէնքերու ժամանակաշրջանը աւարտած է եւ հակառակորդին կամ թշնամիին դէմ պայքարելու համար նախ պէտք է ուսումնասիրել անոր ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական վիճակը, խթանել քննական մտածողութիւնը մեր ուսանողներուն մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել մեր հայրենիքին տնտեսութիւնը, բարելաւել սահմանային շրջանները եւ հզօրացնել մեր բանակը: Այս բոլորին զուգահեռ քաջալերել մասնագիտացած սերունդի մը ստեղծումը:
2021 թ. նմանատիպ ծրագիր մը իրականացուեցաւ Սիւնիքի մարզի մարտահրաւէրները լուսարձակի տակ բերելու համար, որուն մասնակցեցան երկու տասնեակի հասնող ուսանողներ: «Դէպի Սիւնիք» համապարփակ ծրագրի ծիրէն ներս ձեռք բերուած այս փորձը ապացուցեց, որ հայ ուսանողը ոչ միայն հետաքրքրուած է մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար էական նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրներով, այլեւ ունակ է վերլուծական աչքով եւ քննական մօտեցումներով վերհանել խնդիրները եւ ներդրում ունենալ ոլորտային լուծումներու մշակման մէջ:
Հետեւաբար «ՀԱՅ ՈՒՍԱՆՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ» ծրագիրին միջոցաւ աշխարհասփիւռ հայ ուսանողները հնարարաւորութիւն ունին Արցախին գործնական օգտակարութիւն բերելու: Ունին նաեւ եզակի առիթ աշխատելու հանրայայտ եւ մասնագէտ խորհրդատուներու հետ, իրականացնելու մասնագիտական կարեւոր ուսումնասիրութիւններ եւ այսպիսով նպաստելու հայրենիքի գալիք մարտահարաւէրներու դիմակայման:
Ծրագիրին մէջ ներառուած նիւթերը կրնանք բաժնել հետեւեալ խմբաւորումներուն: Նշուած կը գտնէք նիւթերուն համապատասխան բացատրականները.
Ա- Հայկական հարցը առհասարակ եւ Արցախեան հիմնահարցը՝ ի մասնաւորի եւ անոր միջազգային ընկալումն ու դրսեւորումները:
– Արցախի շրջափակման կործանարար անդրադարձը Արցախի մանուկներու իրաւունքներու եւ հոգեվիճակին վրայ: Գեղամ Ստեփանեան, Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան:
– Միջազգային իրաւունքի դիտանկիւնէն՝ Բերձորի միջանցքի արգելափակումը որպէս պատերազմական յանցագործութիւն: Սիրանուշ Սահակեան, Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի հայկական կեդրոնի ղեկավար:
– Ատրպէյճանի քաւիարային դիւանագիտութիւնը (caviar diplomacy) Եւրոպայի մէջ: Հեղինէ Էվինեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի տնօրէնուհի:
– Ատրպէյճանի եւ Ալիեւի ընտանիքի օտարերկրեայ ներդրումներու հիմնական ուղղութիւնները եւ փտածութեան դրսեւորումները: Յարութ Սասունեան, «Քալիֆորնիա Քուրիեր» պարբերաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
– Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրառելիութեան կարեւորութիւնը իբրեւ զսպող գործօն: Արամ Համբարեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի տնօրէն:
– Միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու գործունէութեան կարեւորութիւնը Արցախի մէջ: Վիգէն Աշգարեան, Մարդասիրական օժանդակութեանց միջազգային կազմակերպութեան աշխատակից:
– Արցախի հիմնահարցը միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ: Մարիօ Նալպանտեան, ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխնախագահ:
Այս եօթը ուսումնասիրութիւնները կրնան օգտակար դառնալ Հայ Դատի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ օգտակարութիւն ունին Հայաստանի Հանրապետութեան գործադիր մարմիններուն համար, մանաւանդ, երբ քարոզչական աշխատանքներ տանելու ըլլան արեւմտեան երկիրներու եւ խորհրդարանական յանձնախումբերու մէջ, Ատրպէյճանի վրայ ճնշում բանեցնելու դիտանկիւնէն: Ինչպէս նաեւ օտար երկիրներու խորհրդարաններու մէջ Արցախի ու Հայաստանի ի նպաստ բանաձեւերու որդեգրման համար: Աւելին, այսպիսի ուսումնասիրութիւններ կրնան հիմք հանդիսանալ տնտեսական պատժամիջոցներու որդեգրման Ալիեւի բռնապետական վարչակազմին դէմ:
Բ- Թշնամի Ատրպէյճանի տնտեսական եւ դիւանագիտական կապերը:
– Ատրպէյճանի ուժանիւթի քաղաքականութիւնը (Energy policy) Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի հետ: Եղիա Թաշճեան, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի հետազօտական կեդրոնի գիտաշխատող:
– Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ յարաբերութիւններ: Շահան Գանտահարեան, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր:
– Ատրպէյճանի ազգային փոքրամասնութիւններ: Էդգար Էլբակեան, «Հայկական նախագիծ» գիտակրթական ՀԿ համահիմնադիր:
– Ատրպէյճանի յարաբերութիւնները տարածաշրջանի երկիրներու հետ: Աբրահամ Գասպարեան, «Ճէնէսիս Արմինիա» կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն:
Այս չորս ուսումնասիրութիւնները կապուած են Ատրպէյճանի ներքին քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանէն ներս անոր վարած աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական դիրքին: 2020 թ. պատերազմէն ետք Պաքուի հիմնական մարտահրաւէրն է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարել Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Արեւմուտքին հետ միաժամանակ, ինչպէս նաեւ օգտագործել քարիւղը իբրեւ ճնշման խաղաքարտ, որպէսզի թէ՛ Արեւմուտքէն եւ թէ՛ Ռուսիայէն ստանայ որոշ զիջումներ Արցախի շուրջ: Հոս նաեւ Իսրայէլի գործօնը կարեւոր է եւ սերտօրէն կապուած է տարածաշրջանին մէջ Իրանի դերակատարութեան հետ:
Գ- Հայութեան դիմադրութեան եւ տոկունութեան ոստան՝ Արցախ։
– Ազգ-բանակ գաղափարի իրագործման անհրաժեշտութիւնը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Գեներալ-լեյտենանտ Տիրան Խաչատրեան, ՀՀ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետի նախկին տեղակալ:
– Պատմութեան խեղաթիւրման Ատրպէյճանի քաղաքական եւ ակադեմական փորձերը: Լեռնիկ Յովհաննէսեան,
Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան գիտութեան եւ սպորտի փոխնախարար:
– Արցախի մէջ այլընտրանքային ջրային պաշարներու կարողականութիւնը (unconventional water resources): Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ ջրային պաշարներու մասնագէտ:
– Արցախի հոգեւոր ժառանգութեան պաշտպանութեան հիմնախնդիրը: Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Համբարձումեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի ղեկավար:
– Արցախի տնտեսութեան դիմադրողականութեան բարձրացման հնարաւորութիւնները: Սուրէն Բարսեան, ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու:
– Արցախեան 44 օրեայ պատերազմէն ետք արցախահայութեան ուղղուած հայկական մարդասիրական օժանդակութիւնները: Լիլիթ Մարտիրոսեան, Արցախի ՀՕՄ-ի միաւորի ատենապետուհի:
Իսկ այս վեց ուսումնասիրութիւնները տրամադրուած են Արցախի մշակութային, ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական հարցերուն, Ատրպէյճանի պատմական կեղծ դիրքաւորումները եւ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Հայկական զոյգ պետութիւններուն համար վերոնշեալները կրնան լծակներ հանդիսանալ պաշտպանելու համար արցախահայութիւնը եւ պահպանելու Արցախի հայկական ինքնութիւնը՝ դէմ առնելով թշնամիի նկրտումներուն:
Մրցանքին մասին:
Նիւթերը պիտի գնահատուին եւ արժեւորուին՝ նկատի ունենալով անոնց արդիականութիւնը, կիրառական նշանակութիւնը, հետազօտական տարողութիւնը, առարկայական հիմնաւորութիւնը եւ թեքնիք պահանջներու յարգումը:
Այսինքն՝ մեր նպատակը անպայման ակադեմական յօդուածներ հրատարակելը չէ, ոչ ալ միայն վերլուծութեամբ բաւարարուիլը, այլ ուսումնասիրութիւնները պարտին առաջարկներ ներկայացնել եւ ունենալ «policy paper/ problem-solution»-ի բնոյթ, եւ ուսանողը տրամադրէ նուազագոյնը մէկ քաղաքականութեան (policy) առաջարկ, որ Հայաստանին կամ Արցախին համար լծակներ կ’ընդձեռնէ ընտրուած հարցին առնչութեամբ: Այսպիսի ուսումնասիրութիւններ կրնան քննարկումներու դուռ բանալ Հայաստանի ակադեմական եւ քաղաքական կեանքէն ներս: Օրինակ՝ Արցախի շրջափակումը եւ անոր հետեւանքները կամ պատճառները սոսկ չվերլուծենք, այլ առաջարկենք ապաշրջափակման գործադրելի միջոցներ՝ նկատի ունենալով Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական պաշարները:
Այսինքն՝ իրատեսական ըլլալը հրամայական է՝ դուրս ելլելով զուտ լոզունգային հռետորաբանութենէ (cheap populism):
Պատրաստուած նախագիծերը պիտի քննուին մասնագետներէ բաղկացած յանձնաժողովի կողմէ: Մրցանքի մասնակցած բոլոր ուսանողները պիտի ստանան խորհրդանշական նուէրներ: Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները պիտի ստանան կրթաթոշակներ: Առաջին մրցանակին արժանացած իւրաքանչիւր ուսանող՝ 1000 ԱՄՆ տոլար, երկրորդ մրցանակ՝ 750 ԱՄՆ տոլար եւ երրորդը՝ 500 ԱՄՆ տոլար դրամական պարգեւներ:
Իսկ մրցանքի աւարտին պիտի գումարուի առցանց խորհրդաժողով մը, ուր լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները պիտի ներկայացուին հանրութեան: Եւ բոլոր աշխատութիւնները լոյս պիտի տեսնեն հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլի էջերուն մէջ: Նշենք, որ մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարակուին սոյն թուականի 1 Նոյեմբերին:
Վստահ ենք, որ ամէն ուսումնասիրութիւն իր ներդրումը պիտի ունենայ Հայ Դատի ովկիանոսին մէջ եւ այսօր հրամայակա՛ն է, որ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը լսէ՛ մեր՝ ուսանողներուն մտահոգութիւնները եւ ընդառաջէ՛ անոնց առաջարկներուն:
Եղիա Թաշճեան
«Դրօշակ» թիւ 8, 2023թ