Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան պատասխանելով
«Երկիր» կայքի հարցումին, հետեւեալ պարզաբանումը տուած է.

«Անտեղի շահարկումներէ խուսափելու համար եւ բանսարկութիւններէ ու յերիւրանքներէ զերծ մնալու նպատակով կ՚ուզեմ տեղեկացնել, որ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած սոյն թուականի 19 Սեպտեմբերին ռազմական գործողութիւններու առաջին իսկ պահէն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը տեղեակ եղած է բոլոր գործընթացներէն եւ զարգացումներէն:

Այդ իրողութեան կողքին, զինադադարի գին հանդիսացող Արցախի Հանրապետութեան Ապահովութեան խորհուրդի յայտարարութիւնը քննարկման նիւթ եղած է եւ յայտարարութեան բնագրային տարբերակին նախօրօք ծանօթ եղած են Հայաստանի Հանրապետութեան պատասխանատու շրջանակներ, այդ կարգին` անձամբ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը:

Կը ցաւիմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական մեր գործընկերները, հաւանաբար տեղեակ չլինելով այս մանրամասնութիւններուն, կը փորձեն իրենց տեղեկացուածութեան պակասի հետեւանքով մեղաւորներ որոնել կամ մեղքեր բարդել այլ պատասխանատու անձերու վրայ:

Արցախի իրավիճակն ու ներկայ պայմանները մեզի թոյլ չեն տար աւելի մանրամասնութիւններ ներկայացնել:

Յոյսով ենք, որ յանձնառու ու պատասխանատու կեցուածքի ցուցաբերումը մեր գործընկերները զերծ կը պահէ իրականութեան խեղաթիւրմամբ քաղաքական նեղ շրջանակներու շահերը սպասարկելու գայթակղութենէն»: