Իրանի ու Ռուսիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինն ու Իպրահիմ Ռայիսին հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին մանրամասնութեամբ քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացը։

Իրանի ու Ռուսիոյ նախագահները ընդգծած են տարածաշրջանային հարցերը դիւանագիտութեան ճամբով լուծելու անհրաժեշտութիւնը՝ անդրադառնալով տարածաշրջանային գործակցութեան «3+3» ձեւաչափի գործարկումին։ Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են երկկողմ գործակցութեան խորացման ուղղութեամբ։

Oրերս՝ 22 Սեպտեմբերին, Իրանի նախագահը «Սրբազան Պաշտպանութեան» շաբթուան սկիզբը ազդարարող նախաձեռնութեան խօսած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի ու հայերու իրաւունքներուն մասին եւ շեշտած են միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անփոփոխութեան մասին սեփական սկզբունքը։