ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ որպէս պատասխան Իսրայէլի բռնարարքներուն, պաղեստինեան դիմադրութեան սկսած «Աքսայի Հեղեղ» գործողութեան հետեւանքները մինչեւ այս ժամը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը.

-Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած են, որ 240 զինուորի եւ բնակիչի դիակ գտնուած է Կազայի յարակից բնակեցման վայրերէն մէկուն մէջ։
– Իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնեցին որ այս շարժումին սկիզբէն մինչեւ օրս սպանուածներուն թիւը հասած է 500-ի, վիրաւորներունը՝ 2000-ի, իսկ գերեվարուածներունը՝ 100-ի։
– Նոյն աղբիւրներուն համաձայն, սպանուած է իսրայէլեան բանակին յատուկ օդուժի մարզիչ խումբին ղեկավարը։
– Այսօր նահատակուած է երկու պաղեստինցի, վիրաւորուած են ուրիշներ Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ Իսրայէլի հրթիռակոծման հետեւանքով։

– Պաղեստինեան դիմադրութիւնը յայտարարած է, որ Քասսամի փաղանգներու ղեկավարութիւնը վերջին ժամերուն յաջողած է մարտերու ընթացքին զինուորներու փոխանակում կատարել եւ նոր զինամթերք ու մարդուժ հայթայթել իր ջոկատներուն՝ տարբեր ճակատներու վրայ։

-Պաղեստինեան աղբիւրներ յայտնեցին, որ 1948-ին բռնագրաւուած Ասքալանի մօտակայքը դիմադրական շարժումէն 3 պաղեստինցիներ նահատակուած են։